Թորոնթոյի Մէջ Նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․ 131-ամեակը, Փետրուարեան Ապստամբութիւնն Ու Արցախեան Շարժումը

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second


Մարտ 5-ի երեկոյեան, հոծ բազմութեամբ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-րդ տարեդարձը, ազգային ըմբոստացումի երկու կարեւոր փաստեր՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-ամեակին եւ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի սկզբնաւորումի 34-ամեակին հետ:
Տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան Հերթապահ՝ Սեւակ Խօշեան, փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ի տես համախմբումին, այս անորոշ պայմաններուն, եւ այս դժուար օրերուն, Խօշեան դիտել տուաւ որ այդ ապացոյցն է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան: Կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները` մեզի ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ երախտագիտութիւն յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեան, որու կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը: Վեր առնելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը, խօշեան թուեց Հ․Յ․Դ․ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին եւ անոր յարակից միութիւններուն տարած աշխատանքները, անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, միասնաբար Թորոնթոհայութեան նեցուկ կանգնելու՝ պահելով Կեդրոնները, Վարժարանը, Եկեղեցին, տրամադրելով Հայկական գրաւոր թէ բանաւոր մամուլ: «Թորոնթոն այն քաղաքն է որ իր դիմագիծին ընդմէջէն կ՛ուրուագծէ հայկական ինքնուրոյն պատկեր մը` հանդիսանալով սփիւռքեան այս ափին հայկականութիւն բուրող խիստ կազմակերպուած, ՄԻԱԿԱՄ եւ օրինակելի համայնքը», շեշտեց ան:
Խօշեան յայտնեց, որ փիւռքի բոլոր գաղութներու նման, Թորոնթոն ալ այսօր կը դիմակալէ նոր մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ եւ թէ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:
Իսկ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն իսկ Թորոնթոն իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Խօշեան եզրափակեց, խօսքը ուղղելով Հայ դատի ճամբուն վրայ նահատակուած Թորոնթոհայ ընկեր Քրիստափոր Արթինին. «Սիրելի՛ ընկեր Քրիստ, այո՛, այս անգամ յաւերժացար եւ հակառակ դաւաճաններու կողմէ ծրագրուած պատերազմի պարտութեան, դուն եւ դաշնակցական գումարտակի ընկերները յաղթեցիք թուրքին, ազատագրեցիք ձեզի վստահուած Վարանգաթաղը եւ զայն չյանձնեցիք թշնամիին: Դղրդա՛ հայրենիքի հողին մէջէն եւ կորով ու կամք ներշնչէ մեզի, որովհետեւ պաշտած կուսակցութիւնդ, ՄԵ՛ՆՔ, դեռ չաւարտած գործդ պիտի շարունակենք՝ որպէսզի վերընձիւղուի նոր փետրուարեան ապստամբութեան մը ուղին, տուն բերենք Արցախը, վերստին հայանայ հայը եւ վերակերտուի հայացումը»։
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան Սերոբ Յակոբեանը եւ «Կիլիկիա» նուագախումբը եւ հանդէս եկան յեղափոխական երգերով: Ձեռնարկը ընթացաւ տօնական խանդավառ ու դաշնակցականավայել մթնոլորտի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles