Լրահոս

ԹԵՀ­ԼԻՐ­ԵԱ­ՆԻ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ

p1 main  93 տա­րի­ներ առաջ` Մարտ 15, 1921-ին, հայ­կա­կան վրի­ժա­ռու­թեան սրբա­լոյս դէմ­քե­րէն` Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եան, Պեր­լի­նի Շար­լո­թըն­պըրկ թա­ղին մէջ սպան­նեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­կան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն մէ­կը` Թա­լէ­աթ Փա­շան:

Ար­հա­ւիր­քի եւ ար­դա­րու­թեան ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը խտաց­նող ու խորհր­դան­շող այս հե­րոս հա­յոր­դին, 25 տա­րե­կա­նին, օր-ցե­րե­կով, ահա­բե­կեց Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­պե­տը:

Ի յի­շա­տակ այդ նշա­նա­ւոր իրա­դար­ձու­թեան, Պա­տա­նի Պատ­մա­գէտ­նե­րու Ակում­բը Երե­ւա­նի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ կազ­մա­կեր­պեց հա­ւաք մը, որու ըն­թաց­քին երի­տա­սարդ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւնը հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով ու կո­չե­րով հան­դէս եկաւ: Նա­եւ, ներ­կա­նե­րը բա­ժակ մը գի­նի խմե­ցին հե­րոս Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եա­նի յի­շա­տա­կին…հնչեց­նե­լով “Գի­նի Լից“ը:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button