
Երեւանի ժամանակացոյցով, Հինգշաբթի» Նոյեմբեր 22-ի երեկոյեան ժամը 20:00-ին սկսած եւ յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին աւարտած “Հայաստան“ համահայկական հիմնադրամի “Թելեթոն 2012“-ին, կարելի եղաւ ապահովել 21 422 477 ամ տոլար: Նշենք թէ, հանգանակուած գումարներու մեծութեան առումով, ցայսօր մրցանիշը կը կրէ 2008-ի Թելեթոնը, որուն ընթացքին, աւելի քան 35 միլիոն տոլար կարելի եղած էր ապահովել:
“Մեր գիւղը“ խորագրով, այս հանդիսութիւնը, ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Լոս Անճելըսէն: Ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր, հանգանակուած գումարին տաս առ հարիւրը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան: