Լրահոս

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի  բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Ս.ուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Տիրպորնի (Միշիկըն) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, ըսաւ, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի առաջնորդութեամբ ստեղծուած Ոսկեդարը արդիւնք էր հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութեանց, յանձին Վռամշապուհ թագաւորի, համատեղ գործակցութեան եւ զօրակցութեան։ Այս նոյն օրինակը կրկնուած է դարերու ընթացքին, որուն շնորհիւ հայ կեանքը շարունակած է զարգանալ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ այս նոյն ոգիով մեր եկեղեցական եւ աշխարհիկ իշխանութիւնները գործակցաբար Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ յառաջ տանին հայ կեանքի նաւը, մանաւանդ համաշխարհային փոթորկալից իրականութեան մէջ։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները եւ աւագութեան տիտղոս շնորհեց Բարշ. Ճէֆրի Սրկ. Նորոյեանին եւ Բարշ. Ռաֆֆի Սրկ. Քիւրէճեանին։ Այնուհետեւ, գնահատելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի տարած աշխատանքները, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք տուաւ եւ աւագութեան կարգ շնորհեց անոր։

Յաւարտ արարողութեանց, «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 94-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Ի հետեւումն Արամ Ա. Կաթողիկոսի ի 2026 թուականի հոգեւոր վերանորոգման տարուան հռչակագրին, Տէր Հրանդ կազմակերպած էր հոգեւոր երգահանդէս մը, որուն իր մասնակցութեամբ բերաւ՝ Բարշ. Կարօ Ա. Սրկ. Թաշճեանի, տիկ. Օլիա Հատիտեանի (Տիթրոյթ), տիկ. Սոնա Յովսէփեանի (Թորոնթօ) եւ դաշնակահար Ալպերթ Պլպուլեանի (Լոս Անճելըս) կողքին։

Սրբազան Հայրը դրուատեց հովիւին, հոգարձութեան, քոյր կազմակերպութիւններու եւ յարակից մարմիններու ներդաշնակ եւ հետեւողական գործունէութիւնը, որով գաղութը իր գրեթէ հարիւրամեայ գոյութեամբ եւ ստեղծագործ ծրագիրներով կը շարունակէ բարգաւաճիլ։

Յիշատակելի այս շաբաթավերջը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ հոգեւոր համերգին մասնակից երաժիշտներուն կողմէ երգուած «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Advertisement Donate Today

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, բարեջան Առաջնորդը այցելեց Տիթրոյթի տարեցներու հայ տունը՝ Manoogian Manor-ը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի, եւ Բարշ. Կարօ Ա. Սրկ. Թաշճեանի։

Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ տնօրէն Վօն Մեսրոպեանի եւ անձնակազմին կողմէ։ Ան, շրջելէ ետք ծերերու սենեակներէն, կատարեց գոհաբանական արարողութիւն մը։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնելով, սրտագինս գնահատեց պաշտօնէութեան աշխատանքը, որուն շնորհիւ հայ տան բնակիչները կը վայելեն ընտանեկան գուրգուրոտ խնամք։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button