ԹԱՅԼԱՆՏԻ ՄԷՋ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆԸ

Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը, Չիանկ Մայի (Թայլանտ) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեանքի, Արդարութեան ու Խաղաղութեան յանձնախումբերու 2026-ի համատեղ համագումարը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական առաքելութեան վարիչ եւ Ուաթըրթաուն (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, մասնակցեցաւ ժողովին իբրեւ ցեղապաշտութեան, օտարատեացութեան եւ խտրականութեան այլ ձեւերու յաղթահարման յանձնախումբի անդամ։ Նաեւ մաս կազմեց բանաձեւի յանձնախումբին եւ զեկուցաբերներէն մէկն էր կլիմայի արդարութեան նուիրուած լիագումար նիստին։
Լիբանանէն Արշաւ Ճրճրեան նաեւ ներկայացուց Կաթողիկոսարանը կլիմայի արդարութեան եւ կայուն զարգացման յանձնախումբին իբրեւ անդամ։ Գարլա Խճոյեան՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի անձնակազմի ղեկավար, վարեց միջ-եկեղեցական խաղաղութեան բարոյականին նուիրուած նիստը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իբրեւ միջ-եկեղեցական շարժման երկարամեայ ղեկավարներէն մէկը, կը շարունակէ աջակցիլ եւ ներշնչել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ինչպէս եւ պաշտօնավարել որպէս նախագահ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները։

