Ղուկասի Աւետարանը՝ շեփորի հզօր հնչիւնին նման՝ Ս. Ծննդեան պատմութիւնը կը սկսի ամբողջական պերճ ու տպաւորիչ շուքովը աշխարհային ուժին: Կ’իմանանք կայսերական հրամանի մը մասին՝ ուղղուած բովանդակ աշխարհին: Կը պատկառինք վերին իշխանութենէն՝ որ կը հրահանգէ եւ հարկ կը սահմանէ: Կ’ապշինք Հռոմէական կայսեր անուան գրաւիչ յիշատակութեան ի լուր: Ասոնք ժամանակակից մարդոց վստահութիւն ներշնչող այն հենակէտերն էին, զորս Պատմութիւնը պիտի ընդգծէր՝ երբ կարեւոր գրքեր գրուէին:
Սակայն քանի մը բառերու սահմանէն անդին անցնելով՝ Ղուկաս Աւետարանիչ յանկարծ տեսարանը կը շրջէ աշխարհատարած թատերաբեմէ մը դէպի կայսրութեան ծայրամասերուն վրայ գտնուող փոքրիկ գիւղաքաղաք մը, քաղաքական ուժի ոլորտէն դէպի ընտանեկան հոգերով տուայտող զոյգ մը: Տունէն շատ հեռու, տղաբերքի սպասման վիճակին մէջ՝ անոնք կը թուին ըլլալ անօգնական աշխարհի հսկայ ուժերուն դիմաց: Անոնց անպաշտպան վիճակը համառօտ կեպով ներկայացուած է մէկ նախադասութեամբ. »Եւ ան ծնաւ իր անդրանիկ որդին, փաթթեց զայն խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրը, որովհետեւ իջեւանին մէջ իրենց համար տեղ չկար«: (Ղուկաս, Բ. 7)
Մինչեւ այս կէտը՝ մեզի նոյնիսկ չէ յայտնուած փոքրիկին անունը: Բայց յետագայ էջերուն մէջ եւ դարերու ընթացքին պիտի հետեւինք անոր պատմութեան: Այսօր« երկու հազարամեակ ետք« դեռ կը հետեւինք անոր: Իսկ շլացուցիչ աշխարհային ուժերը, որոնք յիշուած են Ղուկաս Աւետարանիչի սկզբնական տողերուն մէջ, հնագոյն շրջանի մը պատմութեան կը պատկանին, մինչ մենք այսօր« ինչպէս ամէն տարի« գիտակցաբար կը պատրաստուինք նշելու Բեթղեհէմի խոնարհ ծնունդը:
Ի՞նչ բանն է որ կը մղէ մեզ յիշելու ա°յս փոքրիկը:
Յիշատակութեան արժանի է այն իրողութիւնը, որ աշխարհ միշտ չէ որ տօնած է Ս. Ծնունդը: Նոյնիսկ եկեղեցւոյ սկզբնական օրերուն՝ Ս. Ծնունդը չէր նշուեր որպէս տօնական օր: Սակայն տակաւ առ տակաւ մարդիկ վերահասու դարձան, որ ամէնէն խորիմաստ իրականութիւնը« մեծագոյն ճշմարտութիւնը աշխարհի վերաբերեալ« յայտնուած էր հարուստ եւ հզօր արքունիքներէ հեռու՝ թաքուն վայրի մը եւ ժամանակի մը մէջ:
Սրբազան աւետարանիչներուն նպատակը դարձաւ աշխարհին ծանուցանել այս անակնկալ դէպքին պատմութիւնը: Աւետարանական պատմութեան մեծ մասը, անշուշտ, կը ներկայացնէ դէպքեր մեր Տիրոջ կեանքի չափահաս շրջանէն՝ Անոր վարդապետութիւնը, հրաշքները, մահուան հանգամանքները եւ յարութիւնը. այն նպատակը՝ որուն Ան հաւատարմօրէն ծառայեց: Սակայն Ս. Ծննդեան պատմութիւնը կը շեշտէ, թէ այս նպատակը անձնական փորձառութենէ մը չէր ծագած եւ աճած: Ընդհակառակն՝ Քրիստոսի նպատակը սկիզբէն կար. Իր անմիջական գոյութիւնը« յղացումը, ծնունդը, եւ ամբողջ կեանքը« ուղղուած էր դէպի այդ նպատակի լրման:
Անգամ մը եւս՝ Ղուկասու աւետարանը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս կէտին վրայ: Քրիստոսի մկրտութեան իր նկարագրականին մէջ կը կարդանք երկինքի բացուելուն, Ս. Հոգիի աղաւնակերպ իջման եւ երկինքէն որոտացող ձայնին՝ »Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաճեցայ«: Եւ ապա՝ Աստուածաշունչ մատեանի ամէնէն նրբիմաստ, եւ արդի լեզուներով անթարգմանելի, տողերէն մէկուն մէջ Ղուկաս Աւետարանիչ կ’աւելցնէ՝ »Եւ ինքն Յիսուս էր ամաց իբրեւ երեսնից սկսեալ«:
»Եւ ինքն Յիսուս էր . . . սկսեալ« բացատրութեան իմաստը՝ համաձայն մեր հին մեկնիչներուն՝ ա°յն է, որ Ան ի մօրէ մուտք գործեց ժամանակէն ներս, բայց ի Հօրէ »ունի զանժամանկն«: Ժամանակէն ներս Ան իր կոչումը ամբողջացուց, յայտնելով իր իսկական նպատակը՝ սկսեալ կեանքի այս հանգրուանէն: Հաւանաբար ասիկա պատճառներէն մէկն է, որ Հայց. Եկեղեցին Քրիստոսի Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը նոյն օրը կը տօնէ, քանի որ անոր գոյութիւնը եւ ծառայութիւնը խորհրդաւոր իմաստով մը նոյնն են: Արդարեւ՝ Քրիստոսի ոչ միայն գործերը որպէս չափահաս անձ, այլ եւ Անոր ծնունդը, եւ մուտքը ժամանակէն ներս, ցնծութեան առիթներ կը հանդիսանան մարդկութեան համար:
Այս հասկացողութեան մէջ պարտինք որոնել ուրուագիծը կոչումի քրիստոնէական իմաստին: Հայերէն կոչում բառը ունի «հրաւէր» նշանակութիւնը, որուն ներքին իմաստը այն է, որ Աստուած իւրաքանչիւր անձ կը ստեղծէ որպէս իւրայատուկ անհատ, որուն ամբողջ կեանքը կը ձգտի բարձրագոյն նպատակի մը:
Ի լրումն իր նպատակին՝ Քրիստոս այժմ կոչ կ’ուղղէ մեզի: Բովանդակ առումով՝ Ան կը կանչէ մեզմէ իւրաքանչիւրս, որպէսզի սկսինք ըլլալ ինչ որ ենք՝ կատարելու համար մեր դերը Աստուծոյ մեծ ստեղծագործութեան մէջ: Ոմանց համար այդ դերը մեր Տիրոջ հովուական ցուպը առնել եւ Անոր ծառայելն է՝ ծառայելով իր ժողովուրդին որպէս հոգեւորական: Յառաջիկայ տարի՝ մեր Թեմի տարածքին պիտի հետազօտենք եւ քաջալերենք այս չափազանց թանկագին կոչը՝ »Կոչման Տարի՝ Կոչում Ծառայութեան« լոզունգին ներքեւ:
Բայց իւրաքանչիւր արարածի համար, այն իրողութիւնը որ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կոչէ Իր մասնաւոր նպատակին՝ սքանչելի յայտնութիւն մըն է: Սա կը նշանակէ որ մեր անմիջական գոյութիւնը եւ մեր կոչումին գիտակցութեամբ ապրիլը կը հաճոյացնէ զԱստուած: Քրիստոսի միջոցաւ մենք դարձած ենք Աստուծոյ որդեգիրները: Մենք եւս կարող ենք ըլլալ անոնցմէ, որոնց Ան հաճեցաւ:
Թող այս մեծ Աւետիսը ներշնչէ մեզ, մինչ մենք կը տօնենք Քրիստոսի Յայտնութիւնը: Այս Աստուածայայտնութեան տօնին բանանք մեր սրտերը Իր հրաւէրին առջեւ, երբ ցնծութեամբ իրարու կ’ըսենք՝
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:
Սիրոյ ողջունիւ՝
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Առաջնորդ
Յունուար 2010