Յօդուածներ

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին «Հայոց Լեզուի Օրը»

 Յակոբ Ժամկոչեան
Մայրենիի պահպանութիւնը բաւական հոգնատանջ ու նուիրական գործ է, որ կարիքը ունի նուիրեալներու, որոնք ինքնահրկիզմամբ վառ կը պահեն անզուգական հայերէնը իր երկու՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն թեւերով:
Պահպանելով հայոց լեզուն` մենք ոչ միայն կը պահպանենք մեր ազգն ու ժողովուրդը, այլ կը պահպանենք համամարդկային այն մեծ արժէքները, որոնք ստեղծուած ու արարուած են հայոց լեզուով, որու շնորհիւ մարդկային արժէհամակարգը չի զրկուիր իր կարեւոր մէկ բաղադրիչէն։
Առ այդ` Շաբաթ, 21 Փետրուարի, յետմիջօրէին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքի մէջ, մեծաւոր հօր` Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեանի եւ վարչական հայրերու ներկայութեամբ, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները նշեցին «Մայրենի լեզուի» տօնը։
Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով, սաներու կատարողութեամբ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աբրահամ Արմենակ։
Ան նախ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեանը, ըսելով՝
«Այսօր համախմբուած ենք նշելու» Միջազգային մայրենի լեզուի օրը։
Մենք հայերս ի տարբերութիւն միւս ազգերուն` գիտենք մեր լեզուի գիւտարարն ու անոր ստեղծման ազդակները։
405-թուականէն` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն, Սուրբ Սահակ Պարթեւէն եւ ամբողջ մատենագիրներէն մինչեւ օրս` մեր լեզուն կրողն ու պահպանողը հիմնականին մէջ եղած է եկեղեցին եւ հոգեւորականները։
Այս խօսքերու լաւագոյն վկան նոյնինքն մեր ժառանգաւորաց պաշտպան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանն է, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենադաժան օրերուն անգամ` ջան եւ ճիգ կը թափէր մայրենիին զարկ տալու համար, որով կը հաւատար, թէ ան է հայուն գոյատեւման միակ գրաւականը։
Ուստի, այսօր, այս տօնին, ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր ժառանգաւորաց բաժնի 25-տարիներու բարեխօսը հանդիսացող` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի թողած աւանդն ու ժառանգը մեր աչքերուն լոյսին նման անաղարտ պահել, փայփայել եւ սերունդներուն իր բիւրեղ եւ մաքրամաքուր Մեսրոպեան Քերականութեամբ փոխանցել ապագայ նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն, որոնք իրենց հերթին ուսուցանեն գալիք մատղաշ սերունդին»։
Ապա համանուն կրթօճախի տեսուչ` Գեր. Հ. Կարապետ Վրդ. Գլընճեան` իր հեղինակաւոր գաղափարներով ներկայացուց «Մայրենի լեզուի օրը»։
Ան հետեւեալ հարցադրումներով սկսաւ իր զեկոյցը, ըսելով`
Ա- Ինչո՞ւ Մայրենի լեզու կ’ըսենք։
Բ- ինչո՞ւ Հայրենիք կ’ըսենք։ Սաներու պատասխանները ստանալէ ետք շարունակեց
«Որովհետեւ մայրը իր Հանապազօրեայ սնունդին հետ կը դաստիարակէ զաւկին, իր կենարար կաթին հետ` հայերէնով հայրենասիրութիւն կը փոխանցէ անոր, այսպիսով յառաջացած է մայրենի լեզուի գաղափարը։
Ուստի եկէ’ք Մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամենօրեայ մշտական տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»: Տեսուչ հայր սուրբը հետեւեալ խօսքերը արտասանելէ ետք վեր առաւ այն գաղափարը որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ՝ արժանի է խրախուսանքի, ըսելով` «Մայրենիին տէր կանգնիլ չի նշանակեր, որ այն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ Մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ իւրացնել այն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»:
Տեսուչ հօր զեկոյցին յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` եղբ.Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ հնչեց` «Ով մեծասքանչ դու լեզու» մեներգը։ Որմէ ետք, եղբ. Սեդրակ Աւետիսեան ասմունքեց՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը:
Աւարտին խօսք առաւ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեան։
Մեծաւոր հայրը` նախ անդրադարձաւ Զմմառու դպրեվանքի ունեցած ներդրմանը` հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու շուրջ, ըսելով` «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ, բաւական է հասկնալու եւ գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու դպրանոցը հայ հաւատքի, Լեզուի եւ մտքի ծաղկման մէջ»:
Ապա շեշտը դրաւ Մայրենիի նահանջին հետ կապուած` սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին եւ զանոնք կանխարգիլելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու լուծումներ առաջարկեց։
Միջոցառման աւարտին Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս.Սահակ Պարթեւի քանդակներուն մօտ` յիշատակի լուսանկար մը առնուեցաւ։
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button