
Ինչպէս աշխարհի ժողովուրդներէն շատերը, նաեւ մեր ժողովուրդը, առնուազն տասնհինգ դարերէ ի վեր, ունեցած է բարձրագոյն երկու հեղինակութիւն, քաղաքական եւ կրօնական, որոնց մտածողութեանց ներդաշնակութեան եւ ապրումներուն ընդհանրականութեան մէջ նուիրագործուած են ժողովրդային բոլոր մեծագործութիւններն ու բոլոր սխրագործութիւնները, անոնք, որոնք տօնի վերածուած են յետոյ, այսինքն` դարձած են մաս տուեալ ազգին կենսագրութեան, կենցաղին, դարձած են ներշնչման աղբիւր գալոց սերունդներուն, տարբերիչ որակ ու պատմութեան նոր քառուղիներուն վրայ լուցուած ջահ:
Նման բացատրտութեամբ մը, պայծառ մտքով, համընդհանուր թրթիռով եւ համազգային մտածողութեամբ մը դիմաւորուեցաւ ու պսակուեցաւ նաեւ նախընթաց տարիներուն, տասնամեակներուն, դարերուն մեր ապրած հազարումէկ կորանքները չէզոքացնող Մայիս 28ը, սկսեալ իր առաջին տարեդարձէն, 1919էն:
Մենք ունինք քաղաքական մեր կարկառուն դէմքերուն հաւաստի արժեւորումները հայ ժողովուրդի իրագործած այդ հրաշքին մասին, հատորներով, առանձին յօդուածներով: Պիտի ուզէինք այս անգամ ամփոփել մեր հոգեւոր իշխանութեան բարձրագոյն հեղինակութիւններուն արժեւորումները, որոնք նոյն խորութեամբ թարգմանը կը հանդիսանան ամբողջին, փառաւորելով զՀանրապետութիւն Հայոց, խորհուրդը անոր, ծաղկեւորած յոյսը:
Ականատեսները կը պատմեն, որ Մայիս 28ի առաջին տարեդարձին, Էջմիածնայ շրջակայ գիւղերէն, քահանաներու եւ անուանի քաջերու առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը գունդ առ գունդ կը դիմէ մայր տաճար եւ կ՛ողողէ սրբատեղիին մօտն ու հեռուն, ուր զիրար կը խաչաձեւեն զինուորական նուագախումբին “Զէյթունցիներ“ երգին եւ ժողովրդական դհոլ-զուռնային խանդաբորբ հնչիւնները:
Ընդհանուր ոգեւորութեան պոռթկուն մէկ պահուն, Էջմիածնայ միաբանութեան գլուխը անցած` կը յայտնուի հայոց հայրապետը, որ, Երեւանէն բարձրացող թնդանօթներու որոտին եւ տաճարին զանգակներուն ղօղանջներուն ներքեւ, կը բարձրացնէ ձեռքին խաչը եւ արտասուաբեր ձայնով կ՛աղաղակէ.
– Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի զՀանրապետութիւն Հայոց…
Այս առաջին եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն, Մայիսեան յաղթանակին փառքը եւ անոր բիւրեղացուցած խորհուրդը անստուեր մնացին մեր ժողովուրդին պարզ խաւերուն թէ ներկայացուցչական դէմքերուն սրտին, ապա, որոշ շրջան մը, գրեթէ մեր կամքէն անկախ պատճառներով, չըսենք հոգիներուն, այլ արտայայտութիւններուն մէջ, այդ թանկ ժառանգութեան դիմաց առաջացաւ երկփեղկում մը, որ տեւեց մինչեւ Սարդարապատի յիսնամեակը, երբ մեր ժողովուրդը սկսաւ նոր վերափոխում մը ապրիլ եւ Մայիսեան լոյսը կրկին ողողեց հոգիները, մտքերը:
Դեռ երկու տարի առաջ, Յարութեան տօնին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջին դարձեալ յիշեցուց “Երկրորդ Աւարայր“ին մասին մէկուկէս տասնամեակէ ի վեր պարբերաբար դրսեւորած իր արժեւորումը:
“Չենք կարող չյիշել մեր ազգի նահատակութիւնը, 1915ի սեւ թուականը եւ ապա, երեք տարի անց, հրաշքի համազօր նրա նոր կեանքի լուսաբացը` Մայիսեան Սարդարապատով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումով“:
“Հրաշքի համազօր“ին հանդէպ պիտի ուզէինք մտքերուն մէջ թարմացնել նաեւ հաստատումը Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդին, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին պէս, պատմական նոյն տուեալներով ու համարեա՛ նոյն ոճով կը բանաձեւէր իր եզրակացութիւնը.
“Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին, աշխարհացրիւ տարտղնումին ու գաղթականութեան ծանրօրէն տագնապալից կացութեան հակառակ` արի ոգին հայկազնեանց անգամ մը եւս կեանք առաւ կեանքին մէջ հայութեան եւ արիւնագրեց պատմութեան տարեգրութեանց մէջ Անկախ Հայաստանի ոսկի անունը, 28 Մայիս 1918ին“:
Մեր հոգեւոր իշխաններուն թէ խոնարհ դասու պաշտօնեաներուն կապուած կան նմանօրինակ բազում արտայայտութիւններ, խորապէս ապրուած եւ համոզկեր տարրերով ամրացուած ահագին բան, հինէն ու նորէն, բայց զոյգ կաթողիկոսներուն վկայութիւնները ներկայացուցչական համարենք ու կանգ առնենք հոս:
Երեւի այսպէս է, որ կոտորակները կը դադրին կոտորակ ըլլալէ, կը դառնան մաս հաւաքականութեան, երբ վերի դիրքերէն ու վարի խաւերէն գիրկ կը բանան իրարու, երբ գիտեն եղբայրանալ իրագործուած սրբութեան մը մէջ, մեծով ու պզտիկով, կաթողիկոսին հետ ղեկավարը` հաւասար խանդով, արութեան տիպարին հետ առեւտրականը` օրինակելի վարքով, մտաւորականին հետ արհեստաւորը` նոյն տենդով, ամէնքը` ամենայն սրտով…
Հոգեկան միութեան այս որակով էր, որ մեր հայրերը իրագործեցին “հրաշքի համազօր“ը, Մայիսեան հարստութիւնը, զՀանրապետութիւն Հայոց: