
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք, հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հաստատուեցաւ մարդասիրական զինադադար:
Այս մասին տեղեկացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, որ յայտնեց, թէ հանդիպումը տեւած էր աւելի քան 9 ժամ:
Ստորեւ՝ միացեալ յայտարարութիւնը.-
«Իբրեւ պատասխան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղերձին եւ ըստ Ռուսիոյ նախագահին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութեան՝ կողմերը համաձայնեցան հետեւեալ քայլերուն.
«1.- 10 Հոկտեմբեր 2020ի կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ՝ կը յայտարարուի կրակի դադրեցում ՝ ռազմագերիներու եւ պահպանման տակ գտնուող այլ անձերու ու զոհուածներու մարմիններու փոխանակման նպատակով՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ չափորոշիչներուն համապատասխան:
«2.- Հրադադարի դրութեան յստակ չափորոշիչներուն ուղղութեամբ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ լրացուցիչ կերպով։
«3.- Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ ձեռնամուխ են հիմնարար բանակցութիւններու՝ խաղաղ կարգաւորման շուտափոյթ հասնելու նպատակով:
«4.- Կողմերը կը հաստատեն բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը»։