
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ․- Եւրոխորհրդարանի նոր զեկուցումին մէջ կը յիշատակուին Բերձորի միջանցքով քաղաքային երթեւեկի փակումը, սեպտեմբերեան մարտերուն ժամանակ պատերազմական գերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքային անձերու, ներառեալ տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները:
Եւրոպական խորհրդարանը կը նկատէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Արցախի շուրջ զինեալ տագնապը տարիներու ընթացքին հսկայական տառապանք ու քանդում պատճառած է, նկատառելի կերպով խոչընդոտ հանդիսացած է ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացման ու կայունութեան եւ ընդհանուր կերպով կ՛ազդէ եւրոպական կայունութեան վրայ:
Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրին առընչութեամբ, կը դատապարտէ Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «Ռազմավարներու զբօսայգի»-ի բացումը
Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է գործօն դերակատարութիւն ունենալու` իբրեւ յուսալի առեւտրական գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ` իր քայլերը հիմնելով ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը յառաջ մղելու վրայ։