ԵՒ­ՐՈ­ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ` Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ՕԺԱՆ­ԴԱ­ԿՈՒ­ԹԵԱՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

  Պրիւք­սէլ.- Վեր­ջերս, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան խորհր­դա­րա­նին մէջ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ “Օգ­նիր եղ­բօրդ“ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մադ­րող Վա­հան Յով­հան­նիս­եան` ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եա­նի, աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երես­փո­խան, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի նախ­կին փոխ­նա­խա­գահ, Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­յին կու­սակ­ցու­թիւն խմբակ­ցու­թեան ան­դամ Ռո­տի Քրա­ցա – Ցան­կա­րո­փուլ­ուի հետ:

Քրա­ցա մօ­տէն կը զբա­ղի Սուր­իոյ մէջ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մով եւ առա­քու­մի աշ­խա­տան­քով` գոր­ծակ­ցե­լով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան պատ­կան սպա­սար­կու­թեանց հետ: Յով­հան­նիս­եան ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Սուր­իոյ մէջ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տան ապաս­տան գտածսուր­ի­ա­հա­յե­րու ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը: Ան դի­մեց Քրա­ցա­յի օժան­դա­կու­թեան, որ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կող­մէ տրուած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւնը տրա­մադր­ուի նա­եւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ սուր­ի­ա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն:

Քրա­ցա խոս­տա­ցաւ իր կա­րե­լին ընել` մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վե­լու հա­մար, մի­ա­ժա­մա­նակ տա­լով կարգ մը ցուց­մունք­ներ` առն­ուե­լիք քայ­լե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի եր­կուս­տեք կա­տար­ուե­լիք աշ­խա­տան­քը ըլ­լայ աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Քրա­ցա հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Սուր­իոյ մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան դես­պա­նին հետ` տե­ղե­կաց­նե­լու անոր այս հան­դիպ­ման մա­սին, եւ թէ Պրիւք­սե­լէն ու Երե­ւա­նէն կապ պի­տի հաս­տատ­ուի իրեն հետ, եւ խնդրեց, որ առա­ւե­լա­գոյ­նը հայ­կա­կան կող­մին հետ գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին:

Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նի Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւնը լա­ւա­գոյն առիթն էր այս հան­դի­պու­մը կա­յաց­նե­լու, որով­հե­տեւ թէ՛ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւնը եւ թէ՛ մենք, առի­թը ու­նե­ցանք փո­խան­ցե­լու յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ներ­կա­յաց­նել առա­ջարկ­ներ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր որո­նել: Այս­պի­սով կը շա­րու­նա­կենք Պրիւք­սե­լի մէջ ար­դէն սկսած քա­ղա­քա­կան մեր հան­դի­պում­նե­րըառա­ւե­լա­գոյն օգ­նու­թիւնը բե­րե­լու մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ֆի­զի­քա­կան անվ­տան­գու­թեան եւ մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թեան ապա­հով­ման հա­մար, շեշ­տեց Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles