Երիտասարդական Անկիւն.- Ցտեսութիւն… Ջաւախք Ճամբար

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

Մեղրի Տէր Վարդանեան

Հ. Ե. Դաշնակցութեան Պոսթընի ՛՛Նժդեհ՛՛ մասնաճիւղ

Երբեք չէի երեւակայեր որ օր մը կրնամ սիրահարուելու չափ սիրել Ջաւախք Ճամբար կոչուած սա հրաշալի ծրագիրը։

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով մաս կը կազմեմ երիտասարդական խումբի մը որ կը ժամանէ Ջաւախք, մասնակցելու համար տեղւոյն ճամբարին բարելաւելու եւ նոր գիտելիքներով օժտելու տեղոյն երեխաները։ Ինծի համար պատիւ է եւ հպարտ առիթ եւ երեւոյթ, մասնակցիլ այս ճամբարին, որուն նպատակն է վրացական այս հայաբոյր մէկ անկիւնը բարեփոխել եւ զարգացնել։

Հասաւ սպասուած օրը։ Այս անգամ Նարտիւան գիւղը չէր որ պիտի կազմակերպէինք ճամբար, բայց Տարագիւղ։ Նախկին տարիներուն որ Նարտիւան կազմակերպած էինք ճամբար, գիւղի բնակիչները եւ երեխաները մեծ ու տպաւորիչ ազդեցութիւն ունեցած էին վրաս, եւ անոնք յատուկ տեղ կը գրաւէին սրտիս մէջ։ Այս տարի Տարագիւղ կոչուած շրջանն էր մեր կայանը։ Հինգ ժամ ճամբորդութելէ ետք, հասանք Տարագիւղ։ Մեզ առաջին դիմաւորողը եղաւ Տատիկը (մեծ մայրիկը): Այնքան ջերմ ընդունելութիւն, այնքան կարօտալի ու գիրկնխառն համբոյրներ, բան մը որ միայն հարազատ մեծ մայրիկներու վայել վերաբերմունք է։ Կարծէ՛ք մենք մեր հարազատ տան մէջ էինք։ 

Հանգստանալու ժամն էր ուրախ էինք եւ պատրաստ առաջին զանգին։

Առաւօտները զարթնումի համար յատուկ ժամացոյցի պէտքը չէինք զգար, աքլորներուն զիլ կանչը բաւարար էր մեզ յիշեցնէլու որ արդէն ժամը հասած է աշխատանքի եւ նախաճաշի սեղանը պատրաստ է բնութեան բարիքներով զարդարուած, իսկ Տատիկին նոր կթած կաթին բոյրը բնութեան ձօնած պարգեւներէն մէկն էր։

Հնչեց առաջին զանգը, մեր առաջին հանդիպումը երեխաներուն հետ որոնք թաքուն եւ ամօթխած նայուածքներով կ՛ուզէին հանդիպիլ հեռաւոր Ամերիկայէն ժամանած խորհրդատուներուն։ Որքա՜ն երախտապարտ էին մեր նկատմամբ։ Որքա՜ն սէր եւ կապուածութիւն կար երեխաներուն մօտ այս գիւղին նկատմամբ առաջին իսկ վայրկեանէն զգալի երեւոյթ էր։ Այս օրը անմոռանալի օր մըն էր ինծի համար։

Տարագիւղի երեխաները պատրաստ էին ընկալել ամենափոքր նկատողութիւններ, սորվիլ բոլոր թելադրութիւնները։ Պարի դասընթացքը նորութիւն էր իրենց համար: Երեխաները կը պարէին խիզախօրէն, հայոց պատմութեան դասերը ուշադիր մտիկ կ՛ընէին եւ ուրախ էին նորութիւններ լսելով։ Ժպիտով եւ գոհունակութեամբ կը հետեւէին բոլոր դասերուն։

Երախտագիտակ արտայատութիւններ շնորհակալական խօսքեր, բարձր  գնահատանք մեր կամաւոր աշխատանքին բայց հարցում մը կար ու չէին համարձակէր թերեւս հարցնել։ Ի՞նչն է որ մեզ բերած է այս փոքրիկ գիւղը։ Ինչո՞ւ Ամերիկայի հանգստաւէտ պայմանները թողած եկած ենք բաժնեկից դառնալու իրենց ամենօրեայ հոգերուն եւ դժուարութեան, ջուրի անբաւարար մատակարարումը, կենդանիներու եռուզերը, հաւնոցներու մէջ հաւերու վազվզուքը, մէկ խօսքով բնութեան բնական ընթացքը։ Եւ այս բոլոր դժուարութիւններու կողքին հայ մնալու, հայ ապրելու պայքարը։ Ուրեմն մեր Ջաւախք գտնուիլը յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ երեխաներուն եւ ուժ կը հայթայթէ դէպի լուսաւոր ապագայ։

Մենք ալ մեր կարգին շնորհակալ ենք Տարագիւղի ժողովուրդին իրենց ցուցաբերած ազնիւ վերաբերմունքին համար։ Երբե՛ք չենք մոռնար զիրենք: Թէեւ կը բաժնուինք մեր սիրելի ճամբարէն սակայն մեզ հետ կը տանինք վառ յիշատակներ, յաւելեալ հաւատք ապագայի յաջողութիւններուն եւ յոյ՝ս բարելաւուած Ջաւախքին։

Ցտեսութիւն կ՛ըսեմ փոխան մնա՛ք բարովի, որովհետեւ նորէն պիտի հանդիպինք շուտով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles