Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Միլզ Հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, Մարտ 27-ին, այցելեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնին: Ան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, նախընտրական գրասենեակի պատասխանատու Աղուան Վարդանեանի հետ:
Ողջունելով դեսպանը` Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ներկայացուց Դաշնակցութեան քարոզարշաւին ընթացքը, մօտեցումները, ապա կարեւոր նկատեց ընտրութիւններուն նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան բարձրացումը: Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային կազմակերպութիւններուն այն աջակցութեան համար, որուն շնորհիւ այսօր կեանքի կոչուած են ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը պահանջներ, կարելի եղած է անհրաժեշտ արհեստագիտական միջոցներ ձեռք բերել:
Դեսպան Միլզ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն կենսական նշանակութիւն ունի: «Քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր մարդոց ես կը շարունակեմ յորդորել Ապրիլ 2-ին մասնակցելու քուէարկութեան` գիտնալով, որ անիկա փակ է եւ գաղտնի եւ, որ տեղամասերուն մէջ կիրարկուող նոր արհեստագիտութեամբ իրենց քուէարկութեան արդիւնքը պիտի չարձանագրուի: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը հանդէս գան պատասխանատու վերաբերմունքով եւ հետեւին օրէնքին թէ՛ քարոզչութեան շրջանին, եւ թէ՛ քուէարկութեան օրը: Հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ այն, որ ընտրողներն ալ իրենց կարգին պատասխանատու ըլլան` կաշառք չընդունին եւ այսօր տրուող քանի մը դրամի դիմաց չվաճառեն իրենց երեխաներուն ապագան», նշեց ան:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է որակական փոփոխութիւններու հոլովոյթ մը, որուն միայն մէկ մասն է նոր խորհրդարանի ձեւաւորումը: Սպարտակ Սէյրանեան նկատեց, որ թէեւ այս փուլին դժուար թէ բոլորը գիտակցին իրենց քուէի ուժը, բայց այլեւս յստակ է, որ նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորելը կարելի է: Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ընդգծեցին նաեւ, որ սուտ խոստումներ չեն տուած, ամբոխավարութիւն չեն կատարած, ե՛ ւ ընդդիմութիւն, ե՛ ւ իշխանութիւն եղած ժամանակ իրենց սկզբունքները չեն փոխուած:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button