
Հայկական կրկէսը հին պատմութիւն ունի: Արդարեւ, առաջին հայկական արհեստավարժ թատրոն-կրկէսը` “Արամեան թատրոն“ը, հիմնադրուած է 1846-ին, Պոլսոյ մէջ:
Երեւանի մէջ 1930-ական թուականներուն գործած է փայտաշէն ժամանակաւոր կրկէսը: 1939-ին կարելի եղած է կառուցել նոր շէնք մը, որ հիմնովին վերակառուցուած է 1962-ին:
Հակառակ անմխիթար վիճակին, Երեւանի կրկէսը կը շարունակէ գործել ու շաբաթը մէկ ներկայացումով հանդէս գալ, իր սիրելի հանդիսականներ` երեխաներուն համար:
Վերջերս համաձայնութիւն մը կնքուած է արդիականացնելու այս կառոյցը, շնորհիւ Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի եւ “Տաշիր“ ընկերութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի միջեւ սրորագրուած համաձայնագրին:
Կրկէսի վերանորոգման լուրը ուրախացուցած է դերասաններն ու… հանդիսատեսները: