Լրահոս
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Հ.Յ.Դ. ՆՇԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 19-ԱՄԵԱԿԸ
Արցախի անկախութեան 19-ամեակին առիթով, Հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. աւանդական հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին ազատամարտիկներ, Արցախի խնդիրով մտահոգ եւ Արցախով հպարտ հայորդիներ: Մինչեւ ժողովրդային հաւաքին սկսիլը, մասնակիցները լուսանկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն վերյիշեցին արցախեան ազատամարտի տարիները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, որ կոչ ուղղեց յարատեւ պայքարի, այնքան ատեն որ տակաւին Արցախի Հանրապետութիւնը չէ ճանչցուած եւ անկախութիւնը չէ ամրագրուած միջազգային ճանաչումով:

