Երեւանի Մէջ.- Հանդիպումներ Սերգէյ Լավրովի Հետ

0 0
Read Time:1 Minute, 6 Second

p1 Sargsian-Lavrov

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 9-ին, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերգէյ Լավրով այցելեց Հայաստան եւ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իր պաշտօնակից Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Մոսկուայի դերը Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ:
«Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լավրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահին ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծած, որ նախագահ Փութին հետեւողական է հայ-ռուսական բարձր մակարդակի պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու հարցին մէջ: Սերկէյ Լաւրով եւս գոհունակութեամբ փաստած է բոլոր ուղղութիւններով հայ-ռուսական երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան արդիւնքով արձանագրուած յառաջընթացն ու աշխուժ զարգացող յարաբերութիւնները նաեւ համարկումի հոլովոյթներուն ծիրին: Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, անոր համոզումով, անշուշտ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու եւ զարգացնելու տեսանկիւնէն», կը յայտնէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը: Լավրով հանդիպումին ընթացքին շեշտեց թէ, Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ:
Արտաքին Գործոց նախարար Նալպանտեանի տեսակցութեան ընթացքին, Լավրով յայտնեց թէ անտեղի է Արցախի հիմնահարցին մէջ, ներքաշել այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին լուծումով, բայց այդ բանը ընելու համար միջազգային հանրութենէն իրաւասութիւն չեն ստացած: Ան աւելցուց, թէ որեւէ նշանակալի արմատական քայլ, ով ալ ըլլայ նախաձեռնողը, կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն գործողութիւններուն: Իր կարգին, Նալպանտեան յայտնեց, թէ Երեւան բարձր կը գնահատէ Ղարաբաղի խնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ ռուսական կողմին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` հաստատելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ նոյն ոգիով գործել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles