Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Րատիսըն Պլու» Հիւրանոցը

0 0
Read Time:43 Second

Radisson-7

ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 12-ին տեղի ունեցաւ «Րատիսըն Պլու»ի բացման արարողութիւնը: Հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միուն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ հպարտ է, որ վերջապէս այս պանդոկը մուտք գործեց նաեւ հայրենի մայրաքաղաք:
Վաճառքներու պատասխանատու տնօրէն Մարիամ Ստամպոլցեանը յայտնեց, թէ հիւրանոցին մէջ ընդհանուր սենեակներուն թիւը 142-ն է, որոնց 19-ը բարձրակարգ համարներ են: Ան ըսած է, որ հիւրանոցը ունի վեց սրահներ, որոնց ամենամեծը կրնայ ընդունիլ երկու հարիւր հոգի: Պանդոկէն ներս, նաեւ կառուցուած են լողաւազան, մարզանքի յատուկ սենեակ եւ ճաշարաններ:Radisson-5Radisson-6
«Մենք կը ցանկանք մեր առանձնայատուկ ծառայութիւնները բերել Հայաստան: Կը կարծեմ, որ ամենագլխաւորը հիւրանոցի դիրքն է, որ կը գտնուի շատ հանգիստ տարածքի մէջ, եւ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրնաք հասնիլ քաղաքի իւրաքանչիւր վայր: Ասիկա հիանալի նախապայման կը ստեղծէ, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստան բերելու նոր ճանապարհորդներ, որոնք կու գան թէ՛ գործի, թէ՛ ուղղակի հանգստանալու համար», շեշտեց տնօրէն Միուն:
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:Radisson-11Radisson-4

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles