ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (11)

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second


Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

Չորեքշաբթի
Սրճարանը նստած ենք ընկերուհիներով, իւրաքանչիւրս կը պատմէ իր կեանքի փորձառութենէն, ու երբեմն այնպիսի զաւեշտալի բաներ կը պատմուին, որ կ’ուզեմ անմիջապէս արձանագրել: Ընկերուհիներէս մէկը կը պատմէ լեզուի երկու ճիւղերու տարբերութենէն յառաջ եկած զուարճալի դրուագ մը: Խօսքը դուրեկան բառի անհասկացողութեան մասին է: Երկխօսութիւնը տեղի կ’ունենայ թաքսիին մէջ, բնականաբար վարորդին եւ պատերազմէն փախած հալէպցիին միջեւ:
– Վաղո՞ւց ես եկել:
– Երեք տարի եղաւ:
– Արդէն յարմարուել ես, հա:
– Կամաց-կամաց:
– Դուրդ էկա՞ւ էստեղ:
– Արդէն ամէն ունեցած-չունեցածս եկաւ ալ, մնաց միա՛յն տանս դուռը:

Ուրբաթ
Փրոֆ. Մարկ Նշանեանին դասախօսութեան եմ: Սրահը լեցուած է Երեւանի փիլիսոփայութեան համալսարանի ուսանողներով եւ ինծի պէս սովորական հետաքրքրուող մարդոցմով: Առաջին անգամը չէ, որ կը հետեւիմ իր ելոյթներուն: Եթէ ըսեմ, որ ամէն բան կը հասկնամ, սուտ պիտի ըլլայ: Այնքան փակուած մնացած ենք մեր ցանկապատին ետին, որ հիմա ագահաբար խլել կ’ուզենք ամէն տեսակ բաց մնացած մտածում կամ գիտելիք:
Մարկը իր «Ինքնիշխան եւ Գերիշխան» դասախօսական նիւթին ընդմէջէն քանիցս կը շեշտէ, թէ ինք կը խօսի ու կը գրէ մեռած լեզուով մը, որ արեւմտահայերէնն է: Մտովին կը կրկնեմ ըսածը՝ մտածելով. ուրեմն ես, որ վերապրող մըն եմ, կամ աւելի ստոյգ՝ վերապրողի շառաւիղ մը, կը խօսիմ «մեռած լեզուով»: «Մեռած է լեզուն, քանի որ դադրած է թարգմանուելէ», փրոֆէսօրը կը շարունակէ իր պատճառաբանումը: Եունեսքոյի նմանատիպ դիտարկումը միշտ ալ տեսակ մը ընդվզում յառաջացուցած էր մէջս: Չէի ուզեր ընդունիլ: Ինչպէ՛ս ընդունիլ, երբ դուն տակաւին կաս… (կարծես այս դիտարկումը չէր բաւեր, մէյ մըն ալ, օրերս, տոլմայի խնդիր մը ի յայտ եկաւ…: Եունեսքօն հաստատեց, որ տոլման ազերիներուն ազգային կերակրատեսակն է: Հիմա ո՞րմէկը պաշտպանելու ելլենք. տոլման ազերիներու վերապահումէն մեզի՞ վերադարձնենք, թէ մեր լեզուին հարցը լուծենք…): Վերջերս շատցած են լեզուի կորուստին վերաբերող ակնարկութիւնները ու այդ վտանգին դէմ զարթնումի կոչեր կ’ըլլան մամուլին մէջ, թէ այլուր… սակայն «ո՜վ կ’առնէ, ո՜վ կը կարդայ». ո՜վ լուրջի կ’առնէ, ո՜վ առաջքը առնելով քայլի կը դիմէ: Կը սրտնեղիմ, շատ չեմ ուզեր խորանալ, կ’որոշեմ կառչիլ այն համոզումին, թէ քանի ես կա՛մ ու կը գրեմ ի՛մ լեզուովս (մեռած թէ մեռնելիք), ինծի համար դեռ ողջ է անիկա, դեռ իմս է ու կայ: Զուգահեռով մը կը յիշեմ մեծ հայրիկիս խօսքերը ի տես մեծ մայրիկիս անկողնային հիւանդ վիճակին՝ «…այսպէս թող մնայ, միա՛յն թէ քովս թող մնայ…»:
Պիտի առողջանա՞յ, պիտի մեռնի՞, թէ արդէն իսկ մեռած է լեզուն… ինծի համար դժուար լուծելի հարցեր են:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles