Երբ Թիրախը Հայ Քաղաքական Միտքն Է (Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ընդմէջէն)
Բոլշեւիկեան օրերը յիշեցնող, նոյն մեթոտաբանութեամբ գործող արշաւ մը սկսած է այս օրերուս Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ։ Յատկանշականօրէն ճիշդ ա՛յս օրերուն, երբ հայութիւնը կը նշէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ կ’ամրապնդէ իր պահանջատիրական ոգին։
19րդ եւ 20րդ դարերու հայ քաղաքական միտքը սերտօրէն առնչուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան զարգացուցած քաղաքական միտքին հետ։ Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ.ի եւ հայոց նորագոյն պատմութիւնը սերտօրէն առնչուած են իրարու։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական միտքի դրսեւորումները խտացուած են Ընդհանուր ժողովներուն որդեգրուած ռազմավարութեան, ռազմավարական որոշումներուն, ծրագրային ու գաղափարական միտքի բանաձեւումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ այս նիւթերով գրուած տեսաբանական ու վերլուծական բազմաթիւ երկերու մէջ։
Այսպէս, Հ.Յ.Դ.ի երկրորդ Ընդհանուր ժողովին էր, որ որդեգրուեցաւ կազմակերպական ապակեդրոնացման սկզբունքը, որուն հիման վրայ կը գործէ դաշնակցական կազմակերպական մեքենան մինչեւ օրս։
Երրորդ Ընդհանուր ժողովին էր, որ որոշուեցաւ սուլթան Համիտ Բ.ը ահաբեկել։ 17 տարուան յեղափոխական ու քաղաքական գործունէութեան լոյսին տակ, չորրորդ Ընդհանուր ժողովը գաղափարական բիւրեղացում բերաւ եւ ծրագրային յստակացումներ կատարեց, ճշգրտօրէն բանաձեւելով կազմակերպութեան քաղաքական նպատակները։ Նոյն այս Ընդհանուր ժողովին էր, որ Հ.Յ.Դ.ի դաւանած ընկերվարական ըմբռնումները յղկուեցան։ Բայց մանաւանդ, նոյն այս անկիւնադարձային ժողովին էր, որ բանաձեւուեցաւ այն միտքը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը պաշտպանէ ՀԱՄԱՅՆ հայ ժողվուրդին շահերը. այս ոգին տիրական էր արդէն հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, սակայն յստակ ծրագրային բանաձեւում ստացաւ նոյն այս ժողովին։
Այդ փոթորկոտ տասնամեակներուն, Երեւանի մէջ կայացած 9րդ Ընդհանուր ժողովը (1919) երկու շատ կարեւոր որոշումներ կայացուց։ Առաջին, իբրեւ քաղաքական նպատակ, որդեգրեց Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարական սկզբունքը ու այդ ձեւով ալ վերջ դրաւ «ռուսահայաստան» – «թրքահայաստան» բաժանարար մտածողութեան։ Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը այս ձեւով կը յայտարարէր, թէ ՄԷԿ է հայութիւնը եւ ՄԷԿ է անոր հայրենիքը՝ Հայաստանը. գաղափարական սկզբունքներ, որոնք մինչեւ այսօր կողմնացոյցի նման կ’առաջնորդեն Դաշնակցութեան Գործը։
Երկրորդ, 9րդ Ընդհանուր ժողովը որոշեց պատժել այն թուրք պետական գործիչները, որոնք հեղինակներն էին հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան։ Այսինքն, հայութեան դէմ ոճիր գործողները անպատիժ պիտի չմնան։ Այս որոշումը թէ՛հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ թէ՛ քաղաքական կամքին կ’առնչուէր։
Այս որոշումը իրագործելու համար, մշակուեցաւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը ու գործին պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Արմէն Գարոյին (Գարեգին Փաստրմաճեան)։ Այս ծրագիրին գործադրութեան բանալի դերակատարներէն էին Շահան Նաթալին, Հրաչ Փափազեանը եւ ուրիշներ։
Մէկ խօսքով, երգը կը ցոլացնէ պատմական ճշմարտութիւնը՝ «Դաշնակցութիւնը ժողով արեց, շուն Թալէաթին մահ որոշեց»։
Այս որոշումը սկսաւ գործադրութեան դրուիլ շուտով։ Այսպէս, Պէհպուտ Խան Ջիվանշիր կը պատժուէր Միսաք Թորլաքեանի (Պոլսոյ մէջ), Թալէաթ՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի (Պերլինի մէջ), Սայիտ Հալիմ՝ Արշաւիր Շիրակեանի (Հռոմի մէջ), Ճեմալ Ազմի եւ Պեհաէտտին Շաքիր՝ Արամ Երկանեանի եւ նոյն Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով (դարձեալ Պերլին)։ Ապա, Ճեմալ Փաշա՝ Արտաշէս Տէր Գէորգեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի կողմէ (Թիֆլիս, 1922)։


