ԲացառիկԳրողի ԱնկիւնՅօդուածներ
Ես Գրել Կը Սիրեմ
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ / Մոնրէալ – Գանատա
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025
Ես գրել կը սիրեմ։
Պարզ նախադասութիւն մը, իր ենթակայով (կամ տէր բայիով)՝ «ես», իր բայով՝ «կը սիրեմ» եւ լրացուցիչով (կամ սեռի խնդիրով)՝ «գրել»։ Նախադասութիւն մը, որ դիւրաւ հասկնալի է ու որեւէ յետին իմաստ

