Լրահոս
Դրոյի Շիրիմին Վրայ` Երդման Արարողութիւն
ԵՐԵՒԱՆ.- Արագածոտնի, Լոռիի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն եւ քառասուն նորագիրներ միացան Հ.Յ.Դաշնակցութեան:

Անոնք հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու երդում տուին Դրոյի` Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմին վրայ:
Մայիսեան հերոսամարտին ընթացքին` իբրեւ փորձառու հրամանատար, Ապարանի ինքնապաշտպանութեան զինուորական գործողութիւնը վստահուած էր նոյնինքն Դրոյին:


