Լրահոս

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ Ի ՆՊԱՍՏ ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՓԻԹԸՐ ՔՈՒԹՈՒՃԵԱՆԻ

Peter ad  Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան Կեդ­րո­նին մէջ, տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաք, ի նպաստ շրջանի ոստիկանապետ Փիթըր Քութուճեանի (Դեմոկրատական):

Քութուճեան պիտի մասնակցի Մասաչուսէցի հինգերորդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական աթոռին շուրջ պայքարին, փոխարինելու համար Էտ Մարքին, որ Յունիս 25-էն ի վեր ընտրուած է ծերակուտական, փոխարինելով Արտաքին Գործոց նախարար ընտրուած Ճոն Քերին:

52 տարեկան Քութուճեան (ծնած` 1961-ին), իր նախընտրական քարոզարշաւին գծով պատրաստած է տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ իր քաղաքական գործունէութիւնը: Նաեւ, ան կ՛անդրադառնայ, իր հայկական արմատներուն մասին: Նշենք թէ, Քութուճեան անցեալ Նոկեմբերին քուէներու աւելի քան 77 առ հարիւր համեմատութիւնը ստանալով, վերընտրուած էր Միտըլսէքսի  (Մասաչուսէց) շէրիֆ:

Կը սպասուի որ շրջանի գաղութը բեղուն մասնակցութիւն բերէ այս դրամահաւաքին:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button