Դիմաւորել 100ամեակը.- ԱՌԱՆՑ ԱՆՑԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 33 Second

 

 Յ. Պալեան

Լսէ՛ք, հայե՛ր,

Դուք պէտք է վերադառնաք

ձեր անկախ երկիրը,

որից դուք ինքներդ ձեզ դուրս քշեցիք,

ինչքա՞ն կարելի է այսպէս ապրել,

անրջելով անվերջ Հայաստան,

այս արեւադարձային բաղնիքում…

որ Լոս Անջելսն է կէսօրին…

Արտեմ Յարութիւնեան

Յուդայի արձակուրդը, էջ 64

 

            Կը սիրենք բանաստեղծները այն պահերուն, երբ ակնթարթ մը կը թօթափենք մեր հոգիները խաւարող եսի մոխիրը:

            Հայը կը սիրէ իր բանաստեղծները տօնական առիթներով եւ անոնց տեւողութեամբ, բայց հոգիով եւ միտքով չի լսեր զանոնք:

            Մեր ժամանակակիցն է Արտեմ Յարութիւնեան, իր բանաստեղծութիւնը անշպար խօսք է ուղղուած աշխարհատարած հայերուն:

            Թէեւ՝ մենախօսութիւն:

            Ասկէ առաջ ալ յիշած եւ մէջբերած եմ Արտեմ Յարութիւնեանի խօսքը:

            Հինգ ամիս ետք՝ հարիւրամեակ… մեր հոգիներուն առագաստները պիտի ուռին անցեալի յուշերով, դրուագներով: Ինչե՜ր պիտի ըսուին: Մենք մեզ պիտի օրօրենք յանձնառութիւն չպահանջող անցեալապաշտութեամբ: Պէտք է միշտ մտածել, որ անցեալը անցեալ է, մեր անցած ուղին, անոր շարունակութիւնն ենք կամ կը կարծենք ըլլալ: Շարունակութիւն՝ ինչպէ՞ս. կրաւորակա՞ն թէ գիտակից: Ազգի անցեալը մեզի հետ է, եթէ մենք չենք գումարած հրաժարումները. յոգնակի: Հրաժարումներու աղբիւսին վրայ տօնուած յոբելեանները անուշ հովիկ, փչէ յուշիկի երգ են, եթէ անոր հանդէպ ունինք սոսկ հանդիսատեսի վերաբերում:

            Սրահներ պիտի յուզուին՝ Արտեմ Յարութիւնեանի բառերով՝ անրջելով Հայաստան… Այդպէս են բոլոր ամեակները, միայն կը փոխուի տիափազոնի առաջին թրթռացումը:

            Անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը անցեալի պանծացում ըլլալէ առաջ եւ վերջ, ի՞նչ պիտի բերէ մեր անլոյծ հարցեր ունեցող ժողովուրդի վաղուան: Հարիւրամեակը ժողովուրդի մը եւ անոր հայրենիքին պատմութեան յիշեցումն է: Այդքա՞ն պիտի ըլլայ, թէ պիտի ագուցուի մեր ներկային: Ինչպէ՞ս կարելի է ագուցման մասին խօսիլ, երբ ուրիշի կողմէ մեր բաժան-բաժան ըլլալէն ետք, մենք կ’որոշենք բաժան-բաժան ըլլալ՝ արտագաղթ եւ մնալ անվերադարձ՝ առանց անսալու բանաստեղծի մորմոք խօսքին՝ դուք պէտք է վերադառնաք ձեր անկախ երկիրը

            Տեղ մը օրակարգ պիտի ըլլա՞յ բանաստեղծի խօսքը, թէ ինչքա՞ն կարելի է այսպէս ապրել, անրջելով անվերջ Հայաստան

            Գումարուելիք գիտաժողովներուն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ամպագոռգոռ տօնախմբութիւններուն, ո՞վ պատասխան պիտի տայ հոգեկան տագնապ յառաջացնող հարցման, եթէ ազգային հեռանկար ունին մեր նախաձեռնութիւնները:

            Ի հարկէ պէտք չէ մոռնալ անցեալը, անդրանիկ հանրապետութեան ստեղծման մեծութեան գործերը, անոնց կտակը, բայց հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ պիտի աւելցնենք, ի՞նչ կ’աւելցնենք:

            Անցեալը սոսկ թուական մը չէ, անոր ետին եղած են կեանքեր, ճակատագիրներ: Անոնցմէ ոմանք կերտած են մեր ներկան, մեզի կտակելով իրաւունք եւ արժէքներ: Այդ մարդիկ դարերէ ի վեր սոսկ յիշատակ կամ աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած հայուն հայրենիքի գէթ մէկ բեկորը վերադարձուցած են հայուն, որպէսզի ան ապրի ազատ, անկախ, ինքնիշխան, տէր իր ճակատագրին:

            Երբ հարիւրամեակի ոգեշնչող ձեռնարկներուն ներկայ պիտի ըլլանք, եթէ յանկարծ հարց տրուի, թէ ի՞նչ պահած ենք, ի՞նչ կը պահենք անոնց ժառանգութենէն, ոչ թէ ընդհանուր ձեւով, այլ անհատապէս, ի՞նչ պատասխան պիտի կարենանք տալ: Արդարեւ, պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ ժողովուրդ մը առանց հայրենիքի եւ հայրենիք մը առանց իրեն տէր ժողովուրդի:

            Որքան որ ալ յուզիչ ըլլան մեր վերաբերումները, մեր գեղեցիկ խօսքերը, երբ հողը կը լքուի, ի՞նչ իմաստ կ’ունենայ նշաւակուած անրջելով անվերջ Հայաստանը: Մեր պարտականութիւնը, սէրը, հաւատարմութիւնը, շարունակութիւն ըլլալու տեսակ մը գիտակցութիւնը իրականացուցա՞ծ կ’ըլլանք տպաւորիչ հանդիսութիւններով, այս կամ այն մեծի կայ յայտնի անձնաւորութեան մեր ինքնասիրութիւնը շոյող շողոմ խօսքերով, հազար կամ հարիւրաւոր անձերու երգիչներու ձօնուած ծափերով:

            Եղած է անդրանիկ անկախ հանրապետութիւնը, առասպելական դէմքերու անուններ կը յիշենք, Արամ, զօրավար Նազարբէգեան, զօրավար Սիլիկեան, Դրօ եւ ուրիշներ: Այսօր ինչպէ՞ս մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք, միայն անոնց անունները չմոռնալո՞վ, թէ շարունակելով անոնց  գործը, անոնց շարունակութիւնը ըլլալով: Հիմա անկախ հայրենիք կայ, բայց ազգի կէսէն աւելիին համար ան հեռու հեռաւոր տեղ մըն է, կայ առանց մեզի: Բայց կրնա՞յ տեւել առանց մեզի: Առանց մեզի ան օր մի չի վերածուի՞ր խոպանի:

            Մեր ժողովուրդի այսօրուան կացութեան մասին վերլուծական եւ յանձնառութեան մտածում չունինք: Օրը օրին ապրելու, կրաւորականութիւնը կեանքի ոճ դարձնելու, հեռուէն սուրբ սպասելու, գլուխ փրկելու սովորութիւնը կը խոչնդոտեն ազգի գոյացումը, անոր իրաւունքներու վերականգնումը: Այս մտահոգութիւնը ապրած են տեսանողներ, ազգի անշահախնդիր իմաստուններ, բայց ինչպէս միշտ, անոնք մաս չեն կազմած որոշողներու խմբակին, եւ այդպէս ալ չենք յաջողած իրականացնել ազգի լիակատար փրկութիւնը, միացում ժողովուրդի եւ միացում հայրենիքի:

            Աւելի քան դար մը առաջ Յովհաննէս Թումանեան, առանց սպիտակ ձեռնոց դնելու, 1910ին, աւելի քան դար մը առաջ, ըսած է հետեւեալը.

            Ուրիշ ընդհանուր հանագամանքներու հետ զարհուրելի ծնող եղել է մեզ համար մեր պատմութիւնը: Նա երկար դարերով մեզ դրել է բարբարոս ժողովուրդների ոտների տակ: Իսկ ամէն կենդանի գոյութիւն, որ ոտնատակ է ընկնում, եթէ չի մեռնում, այլանդակւում է, դառնանում ու փչանում է: Էսպէս է բնութեան օրէնքը: Եւ էս տեսակ կեանքը կ’ունենայ, այո՛, շատ բան, ե՛ւ «յառաջադիմութիւն», ե՛ւ «կուլտուրա», ե՛ւ «մամուլ», ե՛ւ «գրականութիւն», ե՛ւ «դպրոց», ե՛ւ «բարեգործութիւն», բայց էդ բոլորը ներսից կերած ճիճուի նման են, եւ տառապում են հիմնական պակասութիւններով, մի ընդհանուր ցաւով, որի ճարը դրսից չի կարելի: Էդ տեսակ կեանքը կը տայ եւ տաղանդաւոր մարդիկ, սակայն նրանք էլ կը լինեն դառն ու դաժան: Բայց նա չի կարող ծնել ազնիւ մարդիկ, բարի սրտեր ու բարձր ոգիներ: Հէնց է՛ն, ինչը որ դարձնում է մի կեանք գեղեցիկ ու հրապուրիչ – մի ժողովուրդ թանկ ու համակրելի… Ուրիշ ճանապարհ չկայ. ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացած» (ընդգծումները՝ Յ.Պ.):

Այս «ոտնատակ» ըլլալու կացութիւնը, ըստ ժամանակի եւ աշխարհագրութեան ձեւ կը փոխէ: Եթէ անցեալին այդ ոտնատակը բարբարոսական էր, այսօր նուրբ է, քաղաքակիրթ, շողոմ, ընդարմացնող: Այդպէս են այսօր ապահովութեան եւ սպառողական ընկերութեան գլանին տակ գտնուող հայկական զանգուածները, ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ը եւ կրնկակոխ հետեւող Հայաստանը:

            Գոհ ենք, քանի որ հայ անհատները կը յառաջադիմեն, բարձր ուսում կը ստանան, տէր կը դառնան մշակոյթի, կուլտուրայի, հայ հաւաքականութիւնները կ’ունենան բազմալեզու մամուլ եւ բազմալեզու գրականութիւն, դպրոց, ուր հարազատ լեզուն կը դառնայ աղքատ ազգականի լեզու, բարեգործութիւն կը ստանայ, կը ստեղծուին, ինչպէս կ’ըսուի, լաւ ապրելու իրաւունք ունինքի պայմանները:

            Յովհաննէս Թումանեանի դատումը յանդուգն է բայց որքան ճիշդ: Արդարեւ, յանուն պատշաճեցումներու բոլոր տեղատուութիւնները ներսից կերած ճիճուի նման են: Հայուն հայերու ուղղուած օտարաբարբառ թերթը, գրականութիւնը, խօսքը ըսուած հայուն՝ ինքնութիւնը ներսէն կրծող որդն է, զոր վարժուած ենք յառաջդիմութիւն համարել: Այնքա՜ն տեղի տուած ենք, եւ կը շարունակենք տեղի տալ, մանր քաղքենիի վերաբերումով, որ կացութիւնը քննադատել կը համարուի նեղմտութիւն, յետադիմութիւն, տգիտութիւն: Իսկ Յովհանէս Թումանեան կ’ըսէ, թէ Մենք քաղաքկրթուած ենք միմիայն շորերով, լուսաւորուած ենք միմիայն վկայականներով, զորս կը պարզենք դրօշակի պէս:

            Երբ այնքան կարեւոր պատմական իրադարձութեան յոբելեան պիտի տօնախմբենք, մեր ժողովուրդը եւ ղեկավարութիւնները պիտի խօ՞սին նաեւ նահանջներու հակադրուող վերականգնումներու մասին, Յովհաննէս Թումանեանի յայտնաբերած ճիճուներու դէմ գործածելու միջատասպան դեղերը, որպէսզի ազգի ինքնութիւնը եւ հպարտութիւնը վերականգնին հարազատութեան հողի վրայ:

            Պիտի կարենա՞նք հայուն հասցէագրուած օտարաբարբառ թերթը եւ լրատուամիջոցը հայացնել:

            Հայածնունդ գրողը ժողովուրդի հոգին կարդացող գրականութիւնը պիտի մշակէ՞ հայերէն գիրով ու խօսքով:

            Հայը մոլորակի այլանուն եւ բազմանուն աշխարհներուն մէջ պիտի շարունակէ՞ լարել իր վրանը, եւ պիտի չլսէ՞ տունդարձի փողը…

            Չենք խորհի՞ր, որ եթէ այսօր դեռ ուշ չէ այդ փողի ձայնը լսելու, օր պիտի գայ, որ ուշ պիտի ըլլայ, եւ բոլոր գինովցնող հրավառութիւնները պիտի մոռցուին:

            Եւ Հայկ Նահապետը պիտի փոխարինուի Վերսէնժեթորիքսով, Նիկոլ Դումանը՝ Տէյվի Քրոքէթով…

            Աղէտի դիպաշար չէ, աղէտի ցենար չէ, ինչպէս կ’ըսենք նոր իմաստութեամբ:

            Պիտի նուաճե՞նք մեր հայու հոգին հայ գիրին, հայ խօսքին եւ հայու հարենիքին մէջ…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles