
Յ. Պալեան
Անհատի մը մասին խօսիլ, երբ անոր յոբելեանը կը տօնուի, աւելի դիւրին է եւ սրտամօտ, քան թիւով, թուանշանով, թեր կամ դէմ տեսակէտներով խօսիլ պատմութեան մասին: Այդպէս են նաեւ պատմութեան գիրքերը, որոնք կ’անգիտանան մարդիկը, յոյսերը, խանդավառութիւնները, սէրերը, մէկ խօսքով ապրած-ապրող մարդը, կը մնան գաղափարախօսական տարազները, դասակարգումները, ժամանակը կը սառի:
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը ունեցաւ իր ծննդոցը նախորդող շրջանը եւ ունեցաւ իր անկման յաջորդող դարը, ուր հիմա մենք կ’ապրինք, հայրենիք մէջ կամ իր վիճակին չանդրադարձող գաղթականներ: Այսինքն խօսիլ Հանրապետութեան մասին, տալով երկու տարեթիւեր, ոչինչ կը սորվեցնէ մեզի: Իսկ եթէ մեր առջեւ պարզենք այդ սկիզբէն առաջ, ընթացքին եւ ապա ապրող մարդոց լայն, ոչ եսական անհատական եւ հաւաքական կեանքը, մարդկային եւ քաղաքական իմաստութիւն ձեռք կը բերենք, որպէսզի այսօր եւ վաղը նուազ խարխափենք: Չաբաւարարուինք բեմի լոյսերով հանգամանքներով եւ տիտղոսներով:
Որքա՜ն մաղթելի պիտի ըլլար, որ այս տարուան ընթացքին, պատմութիւն սորվէինք՝ պատմութիւն կերտած աւագ դէմքերու վկայութիւններով, ընթացիկ բազմացած-բազմացող յուշագրութիւններու անձնակեդրոն պատումներէն անդին, ազգի եւ մարդոց պատկերացումներ ունենալու համար: Դպրոցներու մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մամուլով, եթէ մեզի նմանող մարդոցմով իրականացած պատմութեան ծանօթացնէինք յաջորդած եւ գալիք սերունդները, առանց բաւարարուելու ժամանակի ընթացքին անոնց սրբապատկեր (icon) դարձած անոնց յիշատակով, ներազգային հզօրութիւն կը նուաճէինք: Աւելի հայրենասէր եւ հայրենատէր կ’ըլլայինք:
Վկայութիւնները երբ բերենք մեր ներկային մէջ կը ստեղծուի հոգեկցութիւն, որ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն կը ստեղծուի: Ամէն օր, ամէն մէկ սերունդով յայտնուող նոր սկիզբ չենք, եթէ իյնանք այդ անհեթեթութեան մէջ, շարունակութիւն չենք ըլլար, կ’ըլլանք այլ բան, բաներ: Որպէս ազգի անդամ եւ աւանդապահ, մեր ներկան իմաստաւորելու համար, գիտնալու համար ինչ որ յաճախ նոր եւ նորութիւն կը թուի ըլլալ, եթէ կրկնութիւն անգամ չէ, շարունակութիւն է: Այս՝ ղեկավարութիւններու եւ շարքային ժողովուրդին համար:
Շարունակութիւն ըլլալու համար առաջնորդ եւ առաջնորդող գաղափար պէտք է:
Այսպէս, եթէ Ռուբէն Տէր Մինասեանի Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակներու կամ Սիմոն Վրացեանի Կեանքի Ուղիներովի դրուագները եւ պատումները, իմաստուն եւ մանկավարժական ներկայացումով, տրուէին նորերուն, ինչպէս կը պատմուի Սասունցի Դաւիթը, մեզմէ ոչ այնքան հեռու կեանքը որպէս առասպել չի դիմաւորուիր, այլ կը հասկնանք, թէ ինչպէս էին մեր հայրերու մեծ հայրերը: Անոնք նուազ չէին ֆրանսացի Ժան Մուլէնէն, երիտասարդութիւն խանդավառած Չէ Կեվարայէն կամ Զափաթայէն… Նոյյնիսկ եթէ անոնց արձանները եւ կիսանդրիները չկան հոս կամ հոն:
Երկու կամ երեք սերունդ առաջ, հայ մարդիկ, ազատագրութիւն եւ պետութիւն ունենալու ձգտումով, աշխարհը կը շրջէին, աշխարհի հեռաւոր անկիւններէն կը վերադառնային, կը գնդակահարուին, կախաղան կը բարձրացուէին, բայց կը շարունակէին հաւատքի պարտականութեան իրենց երթը: Անոնց զոհողութեան վրայ ծնունդ առին հայրենի պետութիւնը եւ աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած հայրենիքը: Այս պէտք է գիտնան նորերը: Երբ կը կարդանք Ռուբէնի կամ Վրացեանի էջերը, կարծէք անոնք հրաշուրթ վէպ են, Կոստան Զարեանի բառով: Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռնալ, բայց այդ տեւաբար յիշել հոգեկան վերականգնում չի յառաջացներ: Յանդգնութիւնը եւ յաջողած հետք ունեցող գործը վերականգնում կը ստեղծեն:
Կքած ժողովուրդը իր ողնայարը շտկեց Ռաֆֆիի Խենթով եւ Կայծերով:
Այսօր քաղաքականութիւն խաղալ կը սորվինք Սիմբն Վրացեանի Կեանքի Ուղիներովի ընթերցումով: Մեր օրերու քաղաքական կեանքի մէջ դերակատար կամ այդ ցանկութիւնը ունեցողներէն քանի՞ անձեր Ռուբէնով եւ Վրացեանով քաղաքականութիւն մտածել սորված է: Խօսքը տարուան որոշ օրերուն կարգախօսներ կրկնելու մասին չէ:
Հարիւրամեակի ամպագոռգոռ ժողովներէն առաջ եւ վերջ, ներազգային ամրացման, եւ ինչպէս քլիշէ դարձած բառով կ’ըսենք՝ քաղաքականացման համար, անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ որոնք կային մեզմէ առաջ, անուններով, իրենց գործով: Այն ատեն կը հասկնանք յանձնառութեան, զոհողութեան եւ ազգակերտ աշխատանքի իմաստը: Պարանցիկները, պտոյտները, երգահանդէսները մարդորսութեան անգամ չեն ծառայեր, փուճ են եթէ հոն մնան:
Հայրենիք կերտելու համար մարդոց պայքարի ծանօթութիւնը մարդորսութեան կու տայ հայկական որակ:
Մեր պատմութիւնը միայն մեծ թուականներով եւ մեծ դէպքերով չէ հիւսուած, այլ նաեւ հէքեաթի նմանող դրուագներով: Մեր ներկային համար, Հայաստան ե սփիւռքներ, Ս. Վրացեանի Կեանքի Ուղիներովի շարքի Բ. հատորի 78-83 էջերուն վրայ համով-հոտով պատում մը կայ, կարելի է այդ նոյնիսկ գրականութիւն համարել, որ ամբողջ ժամանակի մը կեանքը, լարումը, հարցերը կ’ամփոփէ, կը խօսի հայու ընչաքաղցութեան մասին, բայց իր դրամին վրայ դողացով դային, ի վերջոյ հպարտութեամբ կը խօսի, Սիմոն Վրացեանի մասին ըսելով՝ «Մեր Սիմաւոնն ալ Նալպանդովի ճամբով կը քալէ», ինչպէս Արփիարեանի պահպանողական Հայրապետ էֆէնտին կարմիր ժամուց տուած էր սուրբ գործին…
Նոյնքան համով-հոտով կարդացուող 291-293 էջերու պատումը հերոսութեան մասին է: Մարդիկ կը գործէին մնայուն վտանգի կացութեան մէջ, ուր կային բարքեր, անոնց պատշաճելու եւ զանոնք օգտագործելու նախաձեռնութիւններ, գաղտնի ժողովներ, գաղտնի թուղթեր, ոստիկանական հսկողութիւն, ձերբակալութիւն, դատ կամ աքսոր:
Փոխան տեսաբանական մարզանքներով խճողելու մեր ներկան, նման էջեր հրամցնել շատ աւելի կը ծառայէ գիտակցութիւն արթնցնելու, սերունդը յանձնառութեան բերելու, ի հարկին թարգմանելով: Այդ էջերուն մէջ մենք աւելի դիւրին կը տեսնենք մեր անցեալը, մեր հարցերը եւ մեր պատկերը:
Հպարտութիւն կը նուաճենք, գիտնալով, որ չենք ուզած ոչխարի հօտ ըլլալ, չենք ուզած ըլլալ ստրուկ, հպատակելով եսի եւ ընչաքաղցութեան: Այդ է նաեւ օրինակի արժէքի ուժը, որ մեծ քաղաքներու մեծ վաճառատուներէն չի գնուիր:
Մեր յանդգնութիւններու պատմութեան ժողովրդականացման եւ մատչելիութեան աշխատանքը, զայն հասցնելով նաեւ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն կու տայ իսկական խորք եւ որակ, ոչ որպէս զարդ, այլ ըլլալու համար ապագայակերտ: