…“ԴԷՊԻ ԱՊԱՀՈՎ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ“

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

election gggdd  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

 

Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յառաջիկայ հնգամեայ “փլաթֆորմ“ը ամփոփուած էր կարճ ու կտրուկ լօզունքով մը` “Դէպի Ապահով Հայաստան“: Այդպէս ալ ընթացաւ Փետրուար 18, 2013-ի Հ.Հ. նախագահական ընտրութեան օրը…առանց ապստամբութեան, առանց յիշատակելի միջադէպի կամ անդորրութեան խախտումի:

Ընդհակառակը, ընտրութեան ուղղին ապահով էր, այնքան մը ապահով, որ միջազգային դէտերը կը հաստատէին թէ “ընտրութիւն տեղի կ՛ունենար, սակայն ընտրող չկար“: Եւ 12 ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ընտրութեան, ի յայտ եկաւ թէ վաթսուն առ հարիւրէն պակաս է քուաէրկութեան մասնակցողներուն թիւը: Այս համեմատական թիւը որքանով իսկական մասնակցութեան թիւին հետ կը համընկնի, կամ արդեօք գոհացուցի՞չ կարելի է սեպել նման մասնակցութիւն: Ըստ երեւոյթին, մնացեալ “անձայն“ քառասուն առ հարիւրը, կամ աւելին, այնքան մը ապահով նկատած են իրենց երկիրը, որ որոշած են նոյնիսկ չներկայանալ քուէատուփ:

Ապահով ալ էր վերընտրութեան գործընթացը: Ոչ մէկ անսպասելի անակնկալ կամ յեղաշրջում:

Յստակ էր թէ հարթակի վրայ ներկայացող ութ թեկնածուներէն, երկուքը միայն պիտի ստանային շօշափելի քուէներ: Անշուշտ, կարիք ալ չեղաւ վտանգաւոր ոդիսականներ ձեռնարկելու եւ ստեղծելու երկրորդ հանգրուան մը, այսիքն այնպիսի կացութիւն մը` որ ոեւէ թեկնածու, քուէներուն յիսուն առ հարիւրէն աւելի ապահոված չըլլալով, կրնայ կատարուիլ աւարտական հանգրուանը` ամենէն աւելի բարձր քուէներ հաւաքող, առաջին երկու թեկնածուներուն միջեւ:

Սպասուածին նման Սերժ Սարգսեան ապահովեց քուէներուն աւելի քան յիսուն առ հարիւրը, նոյնիսկ հեռու մնալով սահմանամերձ թիւերէն, իսկ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին ալ տրուեցաւ կարկանդակին այն բաժինը որ միեւնոյն ժամանակ հեռու թէ փոքր շերտ մը ըլլալու կոչումէն, թէ ալ յիսուն առ հարիւրի հասնելու …“մեծ շերտ“էն:

Մնացեալներուն մասին, անտեղի է վերլուծումներ կատարելը: Նոյնիսկ աղմուկ ստեղծած մահափորձ մը Պարոյր Հայրիկեանի դէմ, դրական ազդեցութիւն չունեցաւ, որ Ազգային Ինքնորոշման Միաւորման թեկնածուին քուէները բազմանան: Հաւանաբար տարօրինակ ու ժուժկալ ընտրարշաւի դիմած Անդրէաս Ղուկասեանի գործունէութեան ոճը աւելի արդիւնաբեր եղած էր: Ընտրութեան օրն իսկ աւարտելով քանի մը շաբթուայ հացադուլը, ան քանի մը ջնջին տարբերութեամբ գերազանցեց այլ անյոյս թեկնածուներ:

Այսպէս, “ԴԷՊԻ ԱՊԱՀՈՎ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ“ , սակայն հոս տեղին է հարցադրել թէ արդեօք ստեղծուա՞ծ է ժողովուրդի ազատ կամ արտայայտութեամբ իշխանութեան ձեւաւորումն ու փոփոխութիւնը երաշխաւորող ընտրական համակարգ ու դեռ աւելին` իշխանութիւնները վերահսկելու եւ հակակշռելու նպատակով` օրէնքով երաշխաւորուած գործուն լծակներով օժտուած ընդդիմութի՞ւն:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles