
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրնը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետը` Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մրցունակ եւ շարունակական օդային փոխադրումներու ծառայութիւններու մատուցման ապահովման ծրագիրը հաստատելու եւ անով Հայաստանի օդային սահմանները ազատականացնելու գծով: Ան նշեց, որ “Բաց երկինքի քաղաքականութեան“ անցումը լաւ կարելիութիւն է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման համար, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ ծրագիրի իրականացման:
Նաեւ, հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու զարգացման հեռանկարները: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցերու, որոնց ծիրին մէջ Տիգրան Սարգսեան եւ Ճոն Հեֆըրն միտքեր փոխանակեցին նոր միացեալ ծրագիրներու իրականացման շուրջ:
Երկրի մը տնտեսութեան համար չափազանց կարեւոր են ազատ փոխադրութիւններու հնարաւորութիւնները, ըլլան անոնք օդային թէ ցամաքային ճանապարհներու միջոցաւ:
Ամերիկեան “ՄըքՔենզի“ խորհրդատու ընկերութեան եռամսեայ ուսումնասիրութեան աւարտին` Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է անմիջապէս ընդունիլ “բաց երկինք“ի քաղաքականութիւնը: Հայաստանեան քաղաքացիական օդուժի ամբողջ բնագաւառը այսուհետեւ բաց պիտի ըլլայ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող օդային բոլոր ընկերութիւններուն, առանց որեւէ խտրականութեան:
Ըստ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի խօսքերուն` այդ ազատականացումը “պիտի ստեղծէ նոր աշխատատեղեր, եւ ուղեւորափոխադրումները պիտի դարձնէ յարմարաւէտ եւ գիները պիտի նուազին“:
Կառավարութիւնը միաժամանակ կը զգուշացնէ, որ ակնկալուող դրական արդիւնքները տեսանելի պիտի ըլլան հազիւ մէկ-երկու տարիէն: Ըստ Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանէսեանի` գիները միջին հաշուով պիտի նուազին 10% տոկոսով, նոյն պահուն փոխադրումներու քանակութիւնը պիտի աւելնայ 20-25 տոկոսով: