
ԵՐԵՒԱՆ.- Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 11-էն սկսեալ, Իտալիոյ հանրածանօթ օդանաւային ընկերութիւններէն` “Ալիթալիա“ն պիտի ըլլայ Զուարթնոց օդակայանի այցելող “թռչնազգի“ն: Արդարեւ, Նոյեմբեր 9-ին, լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, սոյն ընկերութեան Ռուսիոյ, Ուքրայինայի, Պելոռուսիոյ, Վրաստանի եւ Հայաստանի գլխաւոր տնօրէն Ճովանի Սիմոնինին յայտարարեց, որ շաբաթական երկու թռիչք պիտի կատարուի: Այսպէս, Հռոմ-Երեւան թռիչքները պիտի կատարուին Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ գիշերները ժամը 22:30-ին եւ յաջորդ օրերը` Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, վաղ առաւօտեան Երեւան ժամանելէ ետք, պիտի վերադառնան Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է կարծիքը “Զուարթնոց“ի սպասարկման գիներուն մասին, որոնցմէ անընդհատ կը բողոքէ Հայաստանի ազգային օդանաւորդութեան “Արմաւիա“ ընկերութիւնը` Սիմոնինի յայտնեց, որ իրենք շատ գոհ են օդակայանին հետ կնքուած համաձայնագիրէն:
Սիմոնինիի համաձայն, իրենք շատ յարմար գիներ կ՛առաջարկեն, քանի որ նոր ուղղութիւն կը բացուի եւ պէտք է ճամբորդները ներգրաւել: Առաջին ամիսներուն, երկկողմանի տոմսին արժէքը դէպի Հռոմ` 299 եուրօ (380 տոլար) պիտի ըլլայ:
Պիտի օգտագործուին “Էրպաս 320“ տիպի օդանաւներ, որոնք մօտաւորապէս 130-էն 150 ճամբորդներու համար վերապահուած են: Նշենք թէ արդէն իսկ Զուարթնոց այցելող Աւստրիոյ, Ֆրանսայի եւ Չեխիոյ օդանաւային ընկերութիւնները, միեւնոյն տիպի օդանաւներ կ՛օգտագործեն:
Հայաստանի մէջ ընկերութեան վաճառքի եւ ծառայութիւններու գործակալ ընկերութիւնն է “Ֆեսթա թուր աւիա“ն:
Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքափինին, որ նկատել տուած է, թէ “Ալիթալիա“ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ “պատմական կարեւոր հանգրուան է“ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով: “Նկատի ունենալով, որ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն է, եւ նկատի ունենալով սահմաններուն վիճակը, կը կարծեմ, թէ իր այս որոշումով “Ալիթալիա“ն պիտի օժանդակէ Հայաստանի տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման“, ըսաւ դեսպանը:
Վերջերս “Ալիթալիա“ նախկին Խորհրդային շրջաններ սկսած էր սպասարկել: Արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր կը գործէ Թիֆլիսի գիծը:
Նշենք թէ, անցեալ Հոկտեմբերի սկիզբները Բրիտանական “Պրիթիշ Միտլէնտ“ը դադրեձուձած էր Լոնտոն-Երեւան թռիչքները, թէ՛ թեքնիք եւ թէ՛ նիւթական պատճառներով: