
ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Երբ այս տարուան Յուլիս 8-ին “Հայրենիք“ շաբաթաթերթին մէջ այս նիւթի մասին յօդուած մը գրեցի չէի կրնար պատկերացնել, որ նման արձագանգ կրնար ունենալ: Հեռաձայներ եղան, յօդուածը վերահրատակուեցաւ ուրիշ թերթերու մէջ: Յստակ դարձաւ, որ այս նիւթը մեր ազգային առաջնային հարցերէն մէկը դարձած է:
Եկած հեռաձայներուն մէջ կար զանգ մը, որ կը տարբերուէր միւսներէն, որովհետեւ ան կու գար հայորդիէ մը, որ պոլսահայ է եւ արդէն կը զբաղուի այս հարցով:Ապահովութեան նկատարումներով պիտի չյիշեմ իր իսկական անունը եւ անոր պատմութեան հետ կապ ունեցող անձերուն եւ վայրերուն անունները:
Յիշեալ անձը ներկայիս կ՛ապրի Թուրքիայէն դուրս: Պայմանականօրէն Շանթ պիտի կոչեմ զայն:1970-ականներուն անոր հայրը Պոլիսէն երթալով փորձած է այցելել այդ գիւղը, բայց ոստիկաններու` “ժանտարմա“ներուն ձեռքով ետ ղրկուած է: Շանթը, Թուրքիան ձգելէն ետք ու մանաւանդ վերջին տարիներուն անընդհատ պրպտած է իր գիւղին մասին: Վերջապէս ասկէ քանի մը տարիներ առաջ համացանցին միջոցաւ ելեկտրոնային հասցէ մը գտած է իր պապերուն գիւղին անունով: Համացանցային այդ հասցէին տէրը տեղեակ չէ եղած իր հայկական ծագումին մասին ու բնականաբար այդ մէկը մերժած է: Բայց Շանթին պնդումները անոր մէջ կասկած յառաջացուցած են ու օր մը երբ գերդաստանով հաւաքուած եղած են, մեծերուն հարցում տուած է իրենց ազգային ծագման իսկութեան մասին: Բոլորին զարմանքը մեծ եղած է, երբ գերդաստանին մեծերը իրար նայելով ըսած են որ ժամանակն է որ ճշմարտութիւնը ըսեն եւ յայտնած են իրենց հայկական ինքնութեան մասին: Ահա այսպիսով հանգոյցը սկսած է քակուիլ:
Ասոր վրայ Շանթը խանդավառուած է ու աւելի համարձակ դարձած է: Տեղեկութիւններ պահանջած է իր գերդաստանի նախնիներու մասին: Հարցը հոն հասած է, որ հասկցած է թէ ո՞ւր են իր պապերուն հողերը, եւ ի վիճակի եղած է այդ հողերուն մեծ մասը վերականգնելու գիւղացիներուն անուան տակ: Մնացած է երեք կտոր հող, որոնք դեռ կը պատկանին թուրքերու կամ քիւրտերու, եւ որոնք եկող տարուան ընթացքին ի վիճակի պիտի ըլլան առնելու:
Վերջապէս Շանթը այցելած է իր պապերուն ապրած շրջանը եւ գիւղը, ուր իր հայրը չէր կրցած մտնել 1970-ականներուն: Հոն հանդիպած է իր նախնիներու համագիւղացիներուն` ուրիշ խօսքով թաքնուած հայերու հետ, որոնց մեծերը մինչեւ այսօրս կը յիշեն Շանթին մեծ հօր, որ զոհուած է Եղեռնի ժամանակ: Անոնք ցոյց տուած են Շանթին նախնիներուն ապաննուած վայրը…անոնց պատանի զաւակները հայերէնով Շանթին բարի գալուստ ըսած են: Անոնցմէ հինգ հոգիներ արդէն մկրտուած են: Նոյնիսկ մէկը, դաշնակի վրայ Կոմիտաս Վարդապետէն կտորներ նուագած է: Վերջապէս, անոնք ցանկապատած են նաեւ գիւղի հայկական հին գերեզմանը:
Այս ընթացքին միջին տարիքի անձերը անդրադարձած են, թէ ինչո՞ւ ժամանակին ի վիճակի չեն եղած իրենց ուզած անձերուն հետ ընտանիքներ կազմելու: Ըլլալով նահապետական ընտանիքներ անոնց հայրերը պարտադրած են, որ անոնք ամուսնանան իրենց նման թաքնուած հայերու հետ, այդ ժամանակ առանց ի վիճակի ըլլալու բացայայտել պատճառը, թէ ինչո՞ւ իրենց զաւակները նման պարտադրուած ամուսնութիւններ պէտք է ունենային (…վստահ եմ, որ ոեւէ հայու մարմինէն դող կ՛անցնի այս փաստերը գիտնալով ու իմանալով):
Պատմութիւնը հոս չի վերջանար: Շանթին համագիւղացիները սկսած են վերականգնել Թուրքիոյ տարածքով սփռուած նախկին գիւղացիներուն հետ կապերը, որոնք բոլորն ալ իրենց նման թաքնուած հայեր են: Այս պատմութեան մէջ ընդգրկուած անձերուն թիւը կը հասնի 120-130 հոգիի: Ահա այս խումբը եկող ամրան կը ծրագրէ գիւղին մէջ համատեղուիլ եւ միասին բերքահաւաքը կատարել: Շանթը նաեւ իր երկու զաւակներուն հետ պիտի ըլլայ հոն, այսպիսով միացումը պիտի ըլլայ այդ գիւղի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներուն:
Այս բոլոր գրուածները հէքիաթ մը չէ, այլ` իրականութիւն որ կը կատարուի այս օրերուս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իրականութիւն` որ ցոյց կու տայ ցեղին ինքնապահպանութեան զօրաւոր բնազդը, բնազդ մը` որ մեր գոյութեան կարեւոր գաղտնիքներէն մէկը եղած է: Նախորդ յօդուածիս մէջ նշած էի ազգային ծրագիրի մը կարեւորութեան մասին, որ պէտք է զբաղուէր այս հարցով: Մինչ մենք կը թերանանք, ժողովրդական առողջ բնազդը արդէն կը գործէ:
Այս յօդուածին գրելուս պատճառը նախ եւ առաջ Շանթին քաջալերելն է: Փաստօրէն այս պատմութեան հիմնական մղիչ ոյժն է Շանթը: Միւս կողմէն յստակ է, որ ժամանակը հասունացած է նաեւ թաքնուած հայերուն համար, որոնք ինչպէս կը տեսնենք նման համարձակութիւն ու խանդավառութիւն ցոյց կու տան:Կարելի է եզրակացնել, եթէ դուրսէն նման նախաձեռնութիւններ ըլլան, անոնք զօրաւոր պատասխան պիտի ունենան: Կրնայ ըլլալ որ ուրիշ Շանթեր ու նման պատմութիւններ կան, որոնցմէ տեղեակ չենք, բայց այս յօդուածը նաեւ օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր թող ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք նման կապեր ստեղծելու յենարան կրնան ունենալ, ըլլան անոնք պոլսահայեր կամ ոչ:
Ժամանակը նպաստաւոր կ՛երեւի: Ասկէ դեռ տասը տարիներ առաջ նման պատմութիւն անկարելի կը թուէր: Կացութիւնը փոխուած է ու կը շարունակէ փոխուիլ: Ինչքա՜ն բազմանան նման օրինակները, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ արգելք հանդիսանալ անոնց:
Մենք պիտի հետեւինք այս պատմութեան եւ պիտի տեղեակ պահենք յետագայ նորութիւններուն, մինչ այդ քաջալերենք եւ օգնենք Շանթին ու անոր նմաններուն, որպէսզի անոնք շատնան եւ ոտքի հանեն մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք տասնամեակներ որպէս թաքնուած հայեր ապրելէ ետք առիթը ունին պարզապէս հայ ըլլալու: