Լրահոս

Դաշնակցական Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեանի Մահը

 

Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հայ մամուլին եւ յատկապէս Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան:

Գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ համայնքային իրադարձութիւններուն մասին Մահսէրէճեանի վերլուծական եւ մեկնաբանական յօդուածներ կը գրէր:

Երկար տարիներ Մահսէրէճեան ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի եւ տնօրէնի պաշտօններ:

Ան հեղինակն է շարք մը հատորներու, որոնց գլխաւոր թիրախը նոր սերունդն էր, իսկ նպատակը՝ անոնց մօտ հայրենասիրութեան ամրապնդումը։ Ան նաեւ տարիներով ձեռնահասօրէն վարած է Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի դիւանապետի պաշտօնը։

«Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ  ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։

Advertisement Subscribe Today

***

ՄԱՀԱԶԴ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1950-ին, Հալէպ, Սուրիա)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուարին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 19 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., Encino, ապա թաղումը՝ Oakwood Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 22601 Lassen St., Chatsworth, CA 91311:

Սգակիրներ՝
Այրին՝ Արփի Մահսէրէճեան
Եղբայրը՝ Յովիկ եւ Անի Մահսէրէճեան
Քենին՝ Նորա եւ Բենօ Փանոյեան եւ դուստրը՝ Լուսիկ
Եղբօր զաւակները՝ Շանթ եւ Կարինէ Մահսէրէճեան եւ զաւակները
Սեւակ եւ Էվլին Մահսէրէճեան եւ զաւակը
Եղբօր դուստրը՝ Հուրի Մահսէրէճեան
Զարմիկները՝ Սարգիս եւ Ռիթա Եագուպեան եւ զաւակները
Լուսին Եագուպեան եւ զաւակները՝ Յարութ եւ Ճորճ
Մանուկ եւ Մարալ Իսքենտէրեան եւ զաւակները
Արփի եւ Յակոբ Տապպաղեան եւ զաւակները
Սարգիս եւ Լենա Մահսէրէճեան եւ զաւակները
Թորոս եւ Նորա Մահսէրէճեան եւ զաւակները (Ֆրանսա)
Ժանօ եւ Թալին Խաչօ եւ զաւակները (Գանատա)
Տէր եւ տիկ. Ճոնի Իսքենտէրեան եւ զաւակները
Եփրաքսի Գըրքարեան եւ զաւակները (Հալէպ)
Հուրի Գալայճեան եւ զաւակները (Հայաստան)
Մարի Գալփաքեան եւ զաւակները՝ Խաժակ եւ Մեսրոպ

Եւ համայն Մահսէրէճեան, Փանոյեան, Եագուպեան, Իսքենտէրեան, Տապպաղեան, Խաչօ եւ Գալփաքեան ընտանիքները, հարազատները եւ բարեկամները

Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Հովիտի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, 5001 Balboa Blvd., Encino, CA 91316

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Invisible Hand Inc.-ին (19618 Vose St., Reseda, CA 91335). գումարը պիտի տրամադրուի Լիբանանի Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, Ազունիէի ծերանոցի օժանդակութեան ֆոնտին եւ «Ազդակ» օրաթերթին։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button