

Հինգշաբթի Ապրիլ 12ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ չորս արդի գրողներ իրենց ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղի “Գրական Գոհարներ եւ Գինի“ ծրագրի ընթացքին: Այս անգամ, սակայն, աւանդական չէր բովանդակութիւնը, քանզի առաջին անգամն էր, որ արդի գրողներ կը ներկայանային համայնքին:
Նորա Արմանի, Լուսին Գասպարեան, Լօլա Գունտաքճեան եւ Այտա Զիլելեան-Սիլաք ընթերցեցին իրենց իմաստալից, մարդկային հոգեվիճակի բարդութիւնները բացայայտող ստեղծագործութիւնները: Հաւաքական արդիւնքը սփիւռքահայի ու կամ ընդհանրապէս մարդու տարատեսակ կեանքի խոհական արտացոլումն էր:
Իր բացման խօսքի մէջ գրականութեան նուիրեալ Արեւիկ Գաբրիէլեան նշեց. “Պայման չէ, որ այս գրողները ճանաչուեն հայկական միջավայրից դուրս, որպէսզի պարծանքի առարկայ նկատուեն մեր ժողովուրդի համար: Առաւել, մեծ սխալ է ակնկալել, որ սփիւռքում ծնուած 3րդ կամ 4րդ սերնդի գրողներն անպայման հայերէնով ստեղծագործեն: Համազգայինը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեանը` պահպանելու եւ տարածելու ազգային արուեստն ու գրականութիւնը, միաժամանակ պէտք է քայլ պահի ժամանակի ու սփիւռքի անխուսափելի փոփոխութիւնների հետ: Հետեւաբար, Միութիւնս ողջունում է ժամանակակից Հայ հեղինակներին“: Գրողներուն ներկայացնելէ ետք, ան շեշտեց. “Ազգի իւրայատուկ ինքնութիւնը նրա արուեստն ու գրականութիւնն են, որոնց պահպանումը եւ զարգացումը անչափելիօրէն կարեւոր են առհասարակ, ի մասնաւորի` սփիւռքում“:
Դերասանուհի, գրող ու շարժապատկերներու հեղինակ Նորա Արմանի կարդաց իր անտիպ եւ հրատարակուած (“In Our Own Words: A Generation Defining Itself“) գործերէն, նաեւ հատուած մը տակաւին անաւարտ վէպէն` աշխարհի չորս ծագերը ցրուած քոյրերու մասին: Վերջաւորութեան ձայնագրութիւն մը նուագեց, որուն բառերը առնուած էին տեղահանութեան մասին գրուած բանաստեղծութենէ մը: Ի միջի այլոց եւ ի գիտութիւն ընթերցողաց, 2012 Քաննի Փառատօնին ան ներկայացուց իր “Moving Stories“ կարճ շարժապատկերը, իսկ աշնան հանդէս պիտի գայ CBS հեռատեսիլի կայանի փորձնական (pilot) “Golden Boys“ ծրագրին մէջ:
Գրող, թղթակից եւ տաղանդաւոր քաղաքական ծաղրանկարիչ Լուսին Գասպարեան կարդաց երկու կարճ պատմուածքներ: Առաջինը` “A Subway Tautology“ ընկերային ու փիլիսոփայական խորին երեսներ բացայայտեց, մինչ երկրորդը` “Elixir In Exile“ հայ գերդաստանի մը Տիգրանակերտէն բերուած “մոգական“ ըմպելիի մը բաղադրիչներու որոնման ժամանակագրութիւնն է: Սակայն այս յուզիչ, երբեմն ալ զաւեշտական պատմութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան խլուած Ծննդավայրի հանդէպ անհուն կարօտ, հայրենական օջախի որոնում: Սոյն պատմուածքը պիտի հրատարակուի rkvry Literary Journal-ի մէջ: Լուսինի վերջին հրատարակութիւնը մանկական պատկերազարդ գիրք մըն է “The Greedy Sparrow“, որը հայկական ժողովրդական հէքիաթի վերապատումն է, որ պիտի ներկայացուի մանուկներու գրական հանդէսներու եւ գիրքի փառատօնի առիթներով:
Բանաստեղծ եւ արուեստագէտ Լօլա Գունտաքճեան քանի մը գործեր կարդաց հայերէնով ու անգլերէնով, ներառեալ “Գալով անցեալին“ և “Մազերդ“ բանաստեղծութիւնները, որոնք կարտացոլեն սիրելիներու հետ անցուցած թանկ պահեր: “In Search of Rilke at the Metropolitan Museum of Art“ խոհական բանաստեղծութիւնը գեղեցիկ յետադարձ հայեացք մըն էր, մինչ “Անոնք Մեռան“ գործը պաթեթիկ բողոք-յիշատակում է‘ ի յարգանս տարբեր եղեռններու զոհերուն: “The Armenian Artists In New York City“ ձօնուած է Արշիլ Կորքիի, Ռուբէն Նաքեանի եւ Մարկոս Գրիգորեանի յիշատակին: Ու վերջապէս իր ոգեշունչ “Խրատ Հայ Բանաստեղծին“ վերնագրով բանաստեղծութիւնը կոչ մըն է գրիչը վար չդնելու, որ յատկապէս կարեւոր կը նկատենք: Լօլայի հրատարակուած հաւաքածոյի խորագիրն է “The Accidental Observer“ ներկայիս մատչելի գրախանութներէն: Հարկ է նշել, որ Լօլան հիմնադիրն է Dead Armenian Poets Society-ի եւ Armenian Poetry Project-ի, որը դասական ու ժամանակակից հայ բանաստեղծներու գործեր եւ այլ գրութիւններ կը ներկայացնէ հայկական նիւթերու վերաբերեալ:
Նիւ Եորքաբնակ գրող եւ խմբագիր Այտա Զիլելեան-Սիլաք անգլերէնով կարդաց կարճ մատմուածք “He՛s the One For Her“, որ կը նկարագրէ բոլորիս սրտամօտ իրավիճակ, երբ հայ օրիորդ մը կը նկրտի հայախօս ու գեղադէմ հայ երիտասարդի մը սիրտը գրաւել: Այս սքանչելիօրէն գրուած պատկեր-պատմուածքը հրատարակուած է “Արարատ“ պարբերականի մէջ: Այտայի գործերէն լոյս տեսած են “Pen Pusher“, “Slushpile“, “Wilderness House Literary Review“ ու այլ պարբերականներու մէջ: Իր “Hollowing Moon“ վէպը 2011ին հինգ լաւագոյն գործերու մէջ դասուեցաւ “Mercer Street Books Fiction Prize“ի կողմէ: Այտան շարունակաբար “Boundless Tales“ անունով գրական ընթերցումներու շարք կը կազմակերպէ Քուինզ շրջանի մէջ:
Վերոյիշեալ գրողներու հետ կարելի է կապուիլ եւ իրենց ստեղծագործութիւններուն ծանօթանալ հետեւեալ կայքէջերու միջոցաւ www.noraarmani.com, www.lucinekasbarian.com, www.lolakoundakjian.com, www.aidazilelian.com
Խրախուսուած այս ձեռնարկի յաջողութենէն, ապագային “Համազգային“ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը յոյս ունի ընթերցասանութեան շարք մը եւս կազմակերպել, լուսարձակի տակ առնելով ժամանակակից հայ գրողներ:
Թղթակից