
Նոյեմբեր 26-ին, Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, կատարուած դրամահաւաքի արշաւ՝ թելէթոնին, կարելի եղաւ հանգանակել մօտաւորապէս 16 միլիոն տոլար:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած տարեկան 12-րդ ձեռնարկը, գրեթէ 12 ժամ շարունակ սփռուեցաւ Լոս Անճելըսէն: Անգամ մը եւս գործի լծուած էր ամերիկահայութիւնը, իր լուման տրամադրելու…այս անգամ Արցախի սիրտին՝ Շուշիին, որ ծախսալի եւ ամբողջական վերանորոգման եւ վերակառուցման կը կարօտի:
Այս առթիւ, Արցախէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ, իր մասնակցութիւնը բերելու համար այս արշաւին: