Խմբագրական.- ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ … ԳՈՅԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

 

 

Արդէն իսկ 15-ամեակն է “Հայաստան“ Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաք թելեթոնին, որ ամերիկահայութեան համար, գոհաբանութեան օրն իսկ կատարուելով, գոյափոխութեան խոր ապրումներ կը ստեղծէ, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր վերածուելով անփոխարինելի ժամադրավայրի մը:

Ընդհանրապէս, Նոր Աշխարհի մէջ կատարուող այս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող եւ գեղարուեստական յայտագրով համեմուած այս դրամահաւաքը կը նկատուի իբրեւ եզրափակիչ ձեռնարկ:

Իրենց իրագործած մասնագիտական եւ յատուկ գործունէութիւններուն կողքին, խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն ունին “Հայաստան“ Հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցներն ու այս միօրեայ տեւողութիւն ունեցող ձեռնարկը:

Այս տարուան հասոյթը, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Արցախի Հանրապետութեան զարգացման զանազան ծրագիրներուն:

Գոհաբանութեան օրն իսկ կատարուող այս դրամահաւաքը, կարելի է ամենայն պարզաբանութեամբ եւ իրապաշտութեամբ նկատել գոյափոխութեան եւ գոհունակութեան օր, ուր յստակօրէն կը նշուի եւ կ՛արժեւորուի հայ ժո­ղո­վուր­դի մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը եւ մի­ա­կա­մու­թիւնը` ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ան­կախ եւ ինք­նիշ­խան պե­տու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գաց­ման ու հզօ­րաց­ման, եւ անշուշտ անխախտելի Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք եռամ­ի­աս­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծընթացը:

Անցեալին, ներկայիս եւ հեռակայ ապառնիին ալ, հայրենի սահմանամերձ գիւղերը կը նկատուին առաջնահերթութիւն` յաչս Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն ամրապնդման իրականացման: Բնութեան գիրկին մէջ բազմած, այս անծանօթ, եւ պայմաններու բերմամբ անհասանելի գիւղերն են որոնք բազկերակի դերէն աւելի կարեւորութիւն կ՛ընծայեն եւ կ՛երաշխաւորեն

համայն հայրենիքի եւ հայութեան ապահովութեան եւ զարգացման:

Բնականաբար, անոնց գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը կը ներկայացնեն զգացական եւ խորհրդանշական ապրումներէ աւելի պահանջատիրական կարեւորութիւն:

Այս գծով, տեղին է նշել, “Հայաստան“ Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մէկ խօսքը.- “Շուշիի ազատագրումը մեր ժո­ղո­վուր­դի են­թա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ արթն­ցուց հա­ւատ­քը սե­փա­կան ու­ժե­րուն նկատ­մամբ, հա­մախմբ­ուած եւ մի­աս­նա­բար յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու վստա­հու­թիւնը, ազատ եւ ան­կախ պե­տու­թիւն կեր­տե­լու վճռա­կա­նու­թիւնը: Այս մեծ յաղ­թա­նա­կը հա­մա­հայ­կա­կան էր իր բնոյ­թով: Շուշիի ազա­տագ­րու­թեան կը մաս­նակ­ցէր ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­մայն հա­յու­թիւնը նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէր Ար­ցա­խին եւ կ՛աղօ­թէր Աս­տու­ծոյ` պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւնը վե­րա­կանգ­նե­լու խնդրան­քով“:

Ուստի, ամերիկահայը` Հոլիվուտի »Փոքր Հայաստան«էն մինչեւ հեռաւոր ու կորսուած Օհայօ կամ Ֆլորիտա, պարտի տրամադրել իր լուման, բոլոր մասնիկներով, մասնակցութիւն բերելով` Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութեան:

 ՀԱՅՐԵՆԻՔ 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles