Լրահոս
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Փրաւիտենս
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեան, 6-7 Յունիսի շաբաթավերջին այցելեց Փրաւիտենս (Ռոտ Այլընտ)։
Շաբաթ, 6 Յունիսին, տեղի ունեցաւ հեծանիւի շրջապտոյտ մը «Իսթ Պէյ»-էն։ Սրբազան Հօր ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի գլխաւորութեամբ, ծխականներու խմբակը 33 մղոն քշեց Իսթ Փրաւիտընսիէն մինչեւ «Քոլթ Սթէյթ Փարք»՝ Պրիսթոլի մէջ, ծովափի գեղեցիկ տեսարաններն ու մաքուր օդը վայելելով հաճելի եղանակին հետ միասին։
Կիրակի, 7 Յունիսին, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին։ Այնուհետեւ, ան միացաւ համայնքի տարեկան դաշտահանդէսին, կատարելով մատաղօրհնութիւնը։

