Լրահոս

ԳԱՆԱՏԱ .- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՄԱԶԴ` ՄՈՆՐԷԱԼԻ ԳԵՏՆՈՒՂԻԻՆ ՄԷՋ

p16 montreal

Մոնրէալի գետնուղիի քսան կայարաններու մէջ, Մարտ 31-ին տեղադրուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը նշող որմազդեր: Նաեւ, կայարաններու եկու հարիւր պաստառներու վրայ կը սփռուի Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակումը: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայոց  Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնին:p16 canada

Ապրիլ 2-ին, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Յ.Դ. “Արմէն Գարօ“ Ուսանողական Միութեան անդամներ բողոքի ցոյց կատարեցին Մոնրէալի քաղաքակեդրոնին մէջ գտնուող“ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց: Ցուցարարները նաեւ հիւպատոսութեան փոխանցեցին նամակ մը, որուն մէջ կը պահանջուէր, որ Մեծն Բրիտանիան ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button