Արուեստ Եւ Մշակոյթ
«ԳԱՅԻԱՆԷ» ՊԱԼԷՆ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ութսուն տարի առաջ այս օրերուն, երբ տակաւին կ՚ընթանար Բ. Համաշխարհային պատերազմը, բեմադրուեցաւ հայկական առաջին ազգային պալէն: Մեծանուն հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեան վերամշակեց 1939 թուականին իր բեմադրած «Երջանկութիւն» պալէն եւ զայն իբրեւ հայկական ազգային

