Լրահոս

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՊԵՆ ՈՒԻԹԵՔԸՐԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Ben Whitaker  ԼՈՆՏՈՆ.- Մ.Ա.Կ.-ի Փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան եւ խտրականութեանց կանխարգիլման ենթայանձնախումբին համար պատրաստուած իր տեղեկագիրով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած Պեն Ուիթըքըր կնքած է իր մահկանացուն: Բրիտանիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ, ան 79 տարեկան էր:

Ուիթըքըր,1975ին նշանակուած էր իբրեւ Մ.Ա.Կ.-ի նշեալ ենթայանձնախումբին մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ եւ 1985ին պատրաստած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած տեղեկագիրը՝ հակառակ թրքական ճնշումներուն: Ան նաեւ տարիներով դատապարտած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատշաճօրէն չճանչնալու Բրիտանիոյ իշխանութեանց դիրքորոշումը:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button