
Իրաքի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ Իրաքահայոց Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան այելած է հիւսիւսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի հայկական բնակավայրերեն ու թեմական ծուխերը: Այս առթիւ, Բարեջան Առաջնորդը այցելած է հայաբնակ Հավրէսք (Հայ Վրէժ) գիւղը, ուր ներկայիս 600 հայեր կը բնակին եւ ստուգած գիւղի եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Հավրէսքի եկեղեցին կը կառուցուի The Association of Churches in Germany and Switzerland եւ Christian Aid Program – Nohadra – Iraq (CAPNI) կազմակերպութեանց կողմէ: Նշենք, որ 2003-էն ի վեր, Իրաքի մէջ տիրող անապահով պայմաններուն պատճառով, իրաքահայութեան ստուար զանգուած մը կը հաստատուի հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին մէջ, յատկապէս Հավրէսքի մէջ: