
Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ, Բենօ Թոնդեան միշտ ալ կառչած մնաց իր ազգին եւ մանաւանդ կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դ.-ին: Այսպէս, կեանքէն անժամանակ հեռացաւ ուսուցիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, «Ազդակ» օրաթերթի ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն ու ազգային շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչ՝ Բենօ Թոնդեանը:
Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջանաւարտ, ան միշտ ալ լուսարձակներէ հեռու կը գործէր, տրամադրելով իր բազմակողմանի գիտելիքները:
Արցախեան շարժման եւ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախացման համար պայքարին, պետականութեան կայացման օրերուն, Բենօ Թոնդեան բերաւ անվերապահ ու գործօն մասնակցութիւն, թէ՛ իբրեւ անդամ Հ.Յ.Դ.-ի այլազան մարմիններուն, եւ թէ՛ Բիւրոյի ներկայացուցիչ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին, Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Հ.Յ.Դ. պանթէոնին մէջ:
ՄԱՀԱԶԴ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ցաւով կը գուժէ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ ընկ. Բենօ Թոնդեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2014ին։
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ