ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
Երկու շաբաթ առաջ ի յայտ եկաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայ-Թրքական Փրոթոգոլներու եւ այլ թեմաներու մասին հանդիպման մը հրաւիրած էր ամերիկահայ սահմանափակ թիւով կազմակերպութիւններ, դուրս ձգելով շարք մը այլ կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ: Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին բարեսիրական ու մարդասիրական իր աշխատանքի 100-ամեակը պիտի նշէ, բազմաթիւ առիթներով մասնակցած է Ա.Մ.Ն. իշխանութիւններուն հետ հայութիւնը յուզող հիմնական խնդիրներու քննարկման: Առ այդ, Հ.Օ.Մ.ը պաշտօնական նամակով մը դիմեց Ա.Մ.Ն.-ի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պահանջելով, որ ի°նք եւս, որպէս ընդհանրապէս համայն հայաշխարհի եւ այս պարագային՝ յատկապէս ամերիկահայ համայնքէն ներս գործող եւ հայ կնոջական ձայնը ներկայացնող ամենածաւալուն կազմակերպութիւնը, մասնակից դառնայ այդ հանդիպման:
Անցնող մի քանի օրերուն զարմանքով մամուլէն իմացանք, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, յանձին ամերիկանիստ իր ներկայացուցչութեան, դէմ արտայայտուած է Հ.Օ.Մ.-ի այդ ժողովին մասնակցութեան: Այդ լուրին յաջորդեց Ասեմպլիին կողմէ տարածուած եւ իր ու Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ստորագրութիւնը կրող մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ Ա.Մ.Ն.-ի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ հանդիպման ու ամերիկահայութեան ներկայացուցչութեան կþանդրադառնար դարձ-դարձիկ արտայայտութիւններով:

