Գլխաւոր
ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ
Կարօ Արմենեան
Սեպտեմբեր 2, 2016
Ուաշինկթըն
Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշտելու տեսակէտէն։ Այսօր հրապարակուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները եւ կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագհներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ եւ տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ եւ արդիւնաւէտ համակեցութեան ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն։

