Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 29 Second

p14  v Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ նահանգներու Արեւելեան Շրջանը եզրափակեց իր Երիտասարդական ծրագիրը (Youth Connect Program YCP) Նիւ Եորք համալսարանի մէջ, Նիւ Եորք:
Շաբաթ, Մարտ 2, 2013 թուին, Նիւ Եորք Համալսարանի Քիմել կեդրոնը վայր հանդիսացաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Երիտասարդական Ծրագրին (ԵԾ): Հ.Օ.Մ.ը սկսաւ իր սկզբնական ուսանողական ծրագիրը 1971ին, Պոսթըն Համալսարանի մէջ եւ տարիներու ընթացքին, զայն զարգացուց եւ փոփոխութեան ենթարկեց գոհացնելու համար համալսարանականներու կարիքները: Վերջին տարբերակը Երիտասարդական Ծրագրի (YCP) միօրեայ գիտաժողով մըն էր որու աւարտին հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ անդրադարձան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունեցող վարժողական ծրագիրներու մասին:
2013ի Երիտասարդական Ծրագրին 30է աւելի համալսարանական աշակերտներ տարբեր համալսարաններէ եւ ուսանողական իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագրին:p14 e
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, մասնակիցները բաժնուեցան փոքր խմբակներու, քննարկելու մարտահրաւէրները որ կը դիմագրաւեն ներկայիս հայերը, Հայաստանը եւ հայ երիտասարդութիւնը: Խմբային քննարկումները ղեկավարեց դասախօս Ասպետ Քոչիքեան (երեց դասախօս Պէնթլի համալսարանի Միջազգային Ուսումներու բաժնի), Երիտասարդական Ծրագրի տնօրէն:
Խմբային քննարկումներու ընթացքին, մասնակիցները բազմաթիւ էական հարցեր նշեցին որ իրենց կարծիքով կը կազմեն գլխաւոր մարտահրաւէրները որ կը դիմագրաւեն հայ գաղութներն ու երիտասարդութիւնը : Ներառեալ են, աշակերտներու միջեւ ներդաշնակութեան պակասը, ուսանողական կեանքի պահանջքները որ կը հեռացնեն երիտասարդները իրենց համայնքներէն ինչպէս նաեւ անկապակցութիւնը, տեղեկութեան ու գիտակցութեան իմաստով, Հայաստանի հայութեան եւ սփիւռքի միջեւ:
p14 b Յաջորդական խմբային քննարկումներու ընթացքին, որոշ հաստատ առաջարկներ եղան ճեղքը նուազեցնելու եւ հայ երիտասարդները ներգրաւելու Հայաստանէն եւ համայնքներէն ներս :
Կէսօրէ ետք, մասնակիցները առիթը ունեցան երկխօսական զրոյց ունենալու պր. Հայկ Գայսէրեանի հետ (գլխաւոր վարիչ, CEO KAYWEB Angels), համացանցային (internet) արեւտրական մասնագէտ, Angelի ներդրող, պլոկավար (blogger) եւ ճառախօս: Ան հիմնած է երկու միջազգային ընկերութիւններ, ներդրում կատարած 6 Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած նորասկիզբ արուեստագիտական ընկերութիւններու մէջ, խօսած հրապարակաւ հազարաւոր անձերու ներկայութեան Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Սիտնիի եւ Մէլպուրնի մէջ, եւ խօսքերը նշուած Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ հանրային եւ արուեստագիտական լրատուամիջոցներու կողմէ: Պր. Գայսէրեան ներկաներուն հետ բաժնեց իր փորձառութիւնները իբրեւ համացանցային խորհրդատու: Ան հայթայթեց թանկագին հմտութիւն ծրագրային միջոցները գործածելու տարբեր ընկերային լրատուամիջոցներէ (social media) ներս երիտասարդական գործունէութեան կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ իր տեսանկիւնէն դիտուած բացատրեց թէ ինչպէս ընկերային լրատուամիջոցները փոխուեցան եւ տակաւին կը շարունակեն փոխել մարդկանց միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ վերասահմանել ապագայի ընկերային եւ համայնքային գործունէութիւնը:
p14 d Ծրագրի վերջաւորութեան, պատեհութեան ցուցադրութիւնը (opportunity fair) աշակերտներուն հայթայթեց տեղեկութիւններ տարբեր կազմակերպութիւններու մասին ինչպէս Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ARS), Դէպի Հայք (Birthright Armenia), Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ (ANCA), Armenian Assembly, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) եւ Հ.Բ.Ը.Մ. (AGBU): Ապա, աշակերտներուն առիթը տրուեցաւ անձնապէս մօտենալու ամէն մէկ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին ստանալու յաւելեալ տեղեկութիւն անոնց վարժողական ծրագիրներուն եւ առիթներուն մասին:
Երեկոյեան, աշակերտները առիթը ունեցան աւելի լաւ իրար ծանօթանալու Ալ Մայաս (Al Mayass) ճաշարանի մէջ ճաշի հիւրասիրութեամբ, շարունակելով իրար հետ իրենց փոխյարաբերութիւնները: Այսպիսով, դաստիարակչական եւ ընկերային ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին եւ յոյսով ենք որ ան ներշնչման աղբիւր կը դառնայ մեր ապագայի ղեկավարներուն:
Այս ծրագրի ծախսերը ապահովագրուած են Նորեան Ֆոնտի կողմէ, որու հիմնադրամը յատկացուած է դաստիարակչութեան: Ներդրումը մեր երտասարդաց իսկական ներդրում է մեր ապագայի:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.), հիմնուած Նիւ Եորքի մէջ 1910ին, միջազգային կազմակերպութիւնն է նուիրուած դաստիարակչութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական աշխատանքներու: Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ամերիկայի, Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան մասին աւելի տեղեկութիւն ստանալու համար հաճեցէք այցելել www.arseastusa.org:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles