Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 25-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second

Հա­կա­ռակ անն­պաստ օդին, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 25-րդ Շրջա­նա­յին բա­նա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուա­շինկ­թը­նի “Քէմփ Սփեն­սըր“ բա­նա­կա­վայ­րին մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ զա­նա­զան մաս­նա­ճիւ­ղե­րէ ժա­մա­նած սկաուտ-արե­նոյշ­նե­րու:

Մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ օրե­րու ըն­թաց­քին` Օգոս­տոս 17-էն 21, բա­նա­կող­նե­րը հե­տե­ւե­ցան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու: Կա­տար­ուե­ցան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, զե­կու­ցում­ներ եւ սկաու­տա­կան մրցում­ներ: Բա­նա­կո­ւմին խմբա­պե­տա­կան կազ­մը կը բաղ­կա­նար Յով­սէփ Մի­նաս­եա­նէ, Լօ­րի Փի­լի­պոս­եա­նէ եւ Ռաֆ­ֆի Ռշտունիէ:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ Կի­րա­կի, Օգոս­տոս 21-ի երե­կոյ­եան, որուն ըն­թաց­քին խօսք առին բա­նա­կու­մի ընդ­հա­նուր խմբա­պետ Յով­սէփ Մի­նաս­եան, շրջա­նի ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու` Ալին Պաղ­տա­սար­եան, Սկաու­տա­կան Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հե­ղիկ Մար­կոս­եան, շրջա­նի “Սե­պուհ“ Կո­մի­տէ­ու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յով­սէփ Աւագ­եան եւ հո­վիւ Տէր Սար­գիս Ագ­թա­ւուք­եան: Կա­տար­ուե­ցաւ մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խում եւ խա­րոյ­կի շուրջ հան­դէս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles