Մօտաւորապէս յիսուն աշակերտներ (մեծամասնութեամբ 13-18 գարուններ բոլորած) ժամանած զանազան շրջաններէ եւ 11 դասատուներ հաւաքուեցան Սուրբ Մէրի կեդրոնը (Էլվերսըն, Փէնսիլվանիա), Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Հիմնարկի 23րդ ամառնային յայտագրին առթիւ, որ սկսաւ Կիրակի, Յունիս 28ին եւ աւարտեցաւ Կիրակի, Յուլիս 5-ին, Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Փոխառաջնորդ, Բարեջան Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի:
Ծրագիրը խտացուած էր եւ կÿընդգրկէր նիւթեր, որոնք կը վերաբերէին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի սերտողութեան եւ քննութեան, աղօթքի ու պաշտամունքի կարեւորութեան եւայլն:
Ամէն օր ծրագիրը սկսաւ Առաւօտեան աղօթքով ժամը 7:15-էն 7:45: Առտուայ ժամը 8:30էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 12:30 դասընթացքներ տեղի ունեցան: Կէսօրէ ետքերը կատարուեցան մրցումներ, խաղեր եւ այցելութիւններ: Երեկոյեան կատարուեցան կլոր սեղաններ եւ հարցազրոյցներ, որոնց հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողութիւն: Իւրաքանչիւր հաւաք աւարտեցաւ հսկումով, ժամը 9:45էն 10:30:
Հիմնարկը չորս տարուայ վրայ երկարող յայտագիր մըն է (մէկ շաբաթ ամէն ամառ): Այն աշակերտները որոնք կը կատարեն չորս տարին, կարելիութիւնը ունին մասնակցելու յաւելեալ մասնագիտական դասընթացքներու: Հինգ մակարդակներու դասընթացքները տեղի կ’ունենան միեւնոյն ժամանակ: Շաբաթ մը տեւող յայտագրին ընթացքին,իւրաքանչիւր մակարդակի վերապահուած է քսան պահ: Ասոնց վրայ կÿաւելնան երեկոներու հարցազրոյցներն ու Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, տասնմէկ ուսուցիչներու ու երեք հիւր ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ:

Մասնագիտական դասընթացքներու ծրագիրը կը փոխուի ամէն տարի, այն դասընթացքները որոնք յաւելեալ լուսաբանութիւններ կը փոխանցեն հաւատքի մասին: Կղերականներու կողքին, հիւր դասախօսներ կը հրաւիրուին վարելու մասնագիտական դասերը:
Այս Տարուայ ուսուցիչներն էին՝ Եպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեան, Վեր. Հր. Խորէն Հապէշեան, Վեր. Հր. Անդրանիկ Պալճեան, Վեր. Հր. Ներսէս Մանուկեան, Վեր. Հր. Սարգիս Աքթաւուգեան, Վեր. Հր. Ստեփան Պալճեան, Սպ. Շանթ Գազանճեան, Սպ. Պետրոս Գալաճեան, Սպ. Ճէյմզ Հատտատ, Տիկ. Տէնիս Պօրէքճեան, եւ օրդ. Ժանէթ Նազարեան: Հիւր ուսուցիչներն էին՝ Աստուածաշունչի մասնագէտ Դասախօս Վեր. Հր. Փօլ Թարազի, «Պէրի» Քոլէճի Դասախօս եւ կրօնքի եւ փիլիսոփայութեան մասնաճիւղի ատենապետ Մայքըլ Փափազեան եւ սկզբնական քրիստոնէական լեզուներու եւ գրականութեան եւ Սուրբ Ներսէս Հայ Դպրեվանքի ուսումնասիրութիւններու տնօրէն Էտուըրտ Կ. Մէթիուզ:
Աշակերտներուն կողմէ, տարիներէ ի վեր շատ սիրուած եւ յարգուած հիւր դասատու, Վեր. Փօլ Թարազի, չորս դասընթացքներու տեւողութեան աշակերտներուն ներկայացուց դասախօսութիւններ որոնց նիւթն էր Սուրբ Պօղոսի նամակները: Թարազի նոյն նիւթը նաեւ ներկայացուց հիմնարկի կղերականներուն: Դասախօս Մայքըլ Փափազեան երկու դասընթացքներ փոխանցեց Ստեփանոս Սիւնեցիի մասին, որ 8րդ դարու հայ աստուածաբան մը: Իսկ Դասախօս Էտուարտ Կ. Մէթիուզ խօսեցաւ Սուրբ Թարգմանիչներու ժառանգութիւններուն եւ մասնաւորաբար Սուրբ Եփրեմ Ասորեստանցիի մասին:

«Ես շատ ուրախ էի վերադառնալու Տաթեւ հիմնարկ, երկրորդ տարուան համար», ըսաւ Տակլըսթըն Նիւ Եորքի Սբ. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ աշակերտ՝ Էրիքա Մենկուշեան: Ան աւելցուց՝ «դասընթացքներու երթալը, ազատ ժամ ունենալը, եւ թէ առաւօտեայ եւ թէ իրիկուայ պաշտամունքներու ներկայ ըլլալը, մեզ թոյլ կու տան որ մեր օրերը հաւասարապէս դասաւորենք: Մենք կրնանք հաճելի ժամանակ ունենալ եւ նոր բարեկամութիւններ ստեղծել, միեւնոյն ժամանակ սորվիլ մեր հաւատքին եւ հայ մշակոյթին մասին: Իմ փորձառութիւններս Տաթեւի մէջ անփոխարինելի են: Անհամբեր կը սպասեմ ապագայ տարիներու մասնակցութեանս, եւ չորս տարիներս ամբողջացնելէ վերջ կը յուսամ վերադառնալ իբր շրջանաւարտ մասնագիտական աշակերտ» եզրակացուց ան:
Երեքշաբթի, Յունիս 30ին, Բարեջան Առաջնորդ Օշական Չօլոյեան այցելեց հիմնարկը եւ զրոյցի հրաւիրեց աշակերտները, որոնք գնահատեցին իր ներկայութիւնը եւ պատասխանները: Յայտագրի վերջին, Բարեջան Առաջնորդը յայտարարեց թէ յառաջիկայ տարի Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Հայ Առաջնորդարանը պատանեկան ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպէ: Ան ըսաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակին առթիւ, ուխտագանացութիւն մը տեղի պիտի ունենայ դէպի Տէր Զօր, ինչպէս նաեւ դէպի Քառասուն Մանկանց Նահատակներուն Մայր Եկեղեցին, որ կը գտնուի Հալէպ եւ որ վերջերս դարձաւ ուխտագնացութեան վայր՝ անհամար հաւատացեալներու համար: Ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Քեսապ (Սուրիոյ հայկական ամառանոցը) եւ վերջապէս, այցելութիւն մը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Սուրբ աթոռ (Անթիլիաս, Լիբանան): Այս ուխտագնացութեան կրնան մասնակցիլ Տաթեւի մասնագիտական աշակերտները:Յուլիս 5ին, Սուրբ Պատարագի տօնակատարութեամբ Տաթեւի յայտագիրը աւարտեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա: Հայ Օգնութեան Միութեան «Արտեմիս» մասնաճիւղը պատարագէն ետք ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց: Անուշաւան Եպսկ. Դանիէլեան խօսք առաւ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Տաթեւի ամառնային յայտագրին մասին, նպատակը եւ ուղղութիւնը, եւ նշեց քրիստոնեայ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս պատանեկան տարիներու ժամանակ: Այդ պատճառաւ, ան աւելցուց, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մեծին Տան Կիլիկիոյ, այս տարին անուանած է «Երիտասարդներու Տարի»ն, ներկաներուն քաջալերելով որ աւելի ուշադրութիւն տրուի երիտասարդներու քրիստոնէական զարգացման:

Այս հիմնարկի մասնակցողները եղան տաս թեմերէ.-
19 աշակերտներ Րիճֆիլտ Նիւ Ճըրզիի Սբ. Վարդանանց Եկեղեցիէն (6 դպիրներ)
12 Փրովիտընս Րոտ Այլընտի Սբ. Վարդանանց Եկեղեցիէն (8 դպիրներ)
7 Ֆիլատելֆիա Փէնսիլվանիայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն (4 դպիրներ)
4 Ուստըր Մասաչուսէթցի Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն (2 դպիրներ)
4 Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի Սուրբ Խաչ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն (1 դպիր)
3 Տակլըսթըն Նիւ Եորքի Սբ. Սարգիս Եկեղեցիէն (1 դպիր)
1 Նիւ Եորք Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն
1 Ուաթըրթաուն Մասաչուսէթցի Սբ. Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն
1 Նիւ Պրիթըն Քէնէթիքէթի Սբ. Ստեփանոս Եկեղեցիէն (1 դպիր)
1 Ինտիան Օրչըրտ Մասաչուսէթցի Սբ. Գրիգոր Եկեղեցիէն (1)