
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 56րդ ժողովը՝ Տիթրոյթի մէջ, Մայիս 15էն 17ին, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Ժողովը վերստին ընտրեց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանը: Նաեւ, կատարուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները:
Ամբողջական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ: