Գլխաւոր
Աւելի Քան 100 Քոնկրէսականներ Կը Պահանջեն Դադրեցնել Ատրպէյճանին Ռազմական Օժանդակութիւնը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Քոնկրէսի 100-էն աւելի անդամներ՝ 26 Ծերակուտականներ եւ 75 Ներկայացուցիչներ, դիմած են պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կոչ ուղղելով դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը՝ մատնանշելով Պաքուի կողմէ ապօրինաբար ձերբակալուած հայ բանտարկեալներուն դատապարտումը, հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակուող ռազմական գրաւումը։

