Լրահոս

Արցախ Պիտի Չկարենայ Մասնակցիլ Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին

 

«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնին մասնակցութիւնը ջնջուած է Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթին համար։

Հոկտեմբեր 21-ին կազմակերպիչները յայտնած են, թէ մասնակցութիւնը ջնջուած է։ Յաջորդած նամակագրութեան ընթացքին Համաշխարհային փառատօներու միութեան նախագահ Զօրան Ստրեզովսքին տեղեկացուցած է, որ դեսպանատունէ մը ստացուած գրութեան մէջ արցախեան մշակութային խումբերը ներկայացուած են իբրեւ «վտանգաւոր», եւ առաջարկուած է չեղարկել անոնց մասնակցութեան հրաւէրը։

Պաշտօնական հրաւէրի հիման վրայ, երկու համոյթները շուրջ երեք ամիս պատրաստուած էին փառատօնին՝ մշակելով յատուկ յայտագիր։

Հոկտեմբեր 23-ին Ստրեզովսքի յաւելեալ պարզաբանած է, որ իր փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ քանի մը դեսպանատուներ միջամտած են՝ մեր համոյթներուն վերագրելով իրենց երկրին մէջ «անջատողական գործունէութիւն» ծաւալելու մեղադրանք եւ առաջարկելով զանոնք չհրաւիրել փառատօնին։

«Մենք կտրականապէս կը մերժենք մեր արուեստագէտներուն վերագրուած այս մեղադրանքներն ու բնորոշումները։ 2023-ին արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք, մեր կազմակերպութեան առաքելութիւններէն մէկը դարձած է Արցախի մշակութային համոյթներուն պահպանումը եւ անոնց մասնագիտական գործունէութեան շարունակականութեան ապահովումը։ Այս համոյթները Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան կենդանի կրողներն են։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003-ի՝ Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մասին համաձայնութիւնը կատարողական արուեստները կը ճանչնայ իբրեւ այդ ժառանգութեան հիմնական բնագաւառներէն մէկը։

Advertisement Donate Today

2025-ին մեր արուեստագէտները յաջողութեամբ մասնակցած են Իտալիոյ մէջ CIOFF-ի միջազգային փառատօնային յայտագիրներուն՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի եւ պատուոգիրներու։ CIOFF-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ պաշտօնական գործընկերութիւն ունեցող եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ խորհրդատուական գործունէութիւն իրականացնելու համար հաւատարմագրուած կազմակերպութիւն մըն է։

Արցախէն բռնի տեղահանուած արուեստագէտներն արդէն զրկուած են իրենց բնական մշակութային միջավայրին մէջ ստեղծագործելու հնարաւորութենէն։ Անոնց մասնակցութեան սահմանափակումը միջազգային մշակութային ձեռնարկներուն՝ քաղաքական բնոյթի մեղադրանքներու հիման վրայ, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ մշակութային իրաւունքներու հնարաւոր խախտումներու առնչութեամբ։

Արդեօք մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կրնա՞յ նկատուիլ անջատողական գործունէութիւն, իսկ այդ ժառանգութիւնը ներկայացնող արուեստագէտները՝ վտանգաւոր։

Կազմակերպիչ նախագահէն պահանջած ենք յայտնել միջամտած դեսպանատուներուն անունները եւ ներկայացուած մեղադրանքներուն փաստական հիմքերը։ Ան խոստացած է տրամադրել համապատասխան մանրամասնութիւնները, սակայն մինչեւ այժմ զանոնք չենք ստացած։

Դէպքին հանգամանքները պարզաբանելու եւ արցախցի արուեստագէտներուն մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստելու նպատակով արդէն դիմած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն։

Այս հարցին մէջ հետեւողական պիտի ըլլանք՝ պահանջելով միջամտութեան հանգամանքներուն ամբողջական բացայայտումը եւ ներկայացուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ հիմնաւորուած պարզաբանումներ», կը տեղեկացնէ «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ը։

 

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button