
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն` Արցախի տագնապին վերաբերեալ յայտարարութիւնը եւ յայտնեց.- “Կ՛ողջունենք Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն շահագրգռուածութիւնը` ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծման: Տուեալ յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ համանախագահող երկիրներու վճռական դիրքորոշումը` բացառել զինուորական գործողութիւններու վերսկսման կարելիութիւնը եւ նպաստել տագնապի խաղաղ լուծման:
“1988ին սկսուած Արցախեան շարժումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի` Հայաստանին միաւորուելու կամքի արտայայտութիւնն էր, սակայն միաժամանակ այն շարժում էր յանուն սոցիալական իրաւունքների, մարդու իրաւունքների, անվտանգ եւ ազատ ապրելու շարժում էր:…Մենք յոյս ունինք, որ խաղաղ լուծման ջանքերու աշխուժացման ուղղուած կոչը լսելի պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ եւ անոր ղեկավարութիւնը կը հրաժարի միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ սկզբունքները ընտրովի մեկնաբանելու փորձերէն, շրջանին մէջ լարուածութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտը խորացնելէն, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրողութիւնները անտեսելէն: Արցախի Հանրապետութիւնը, հանդիսանալով բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելք գտնելու եւ երկրին ու ժողովուրդի ապագային անմիջականօրէն վերաբերող որոշումներ տալու մէջ ամէնէն շահագրգիռ կողմը, պատրաստ է շարունակելու ջանքեր գործադրել երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:…Հարցի լուծման հոլովոյթին մէջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար պարտադիր պայման կը հանդիսանայ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը` անոր բոլոր փուլերու Արցախի Հանրապետութեան անմիջական եւ ուղղակի մասնակցութեամբ, որուն Ատրպէյճան ամէն կերպով կը խոչընդոտէ“, ըսաւ Կարէն Միրզոյեան:
Միւս կողմէ, “Ֆրանս 24“ պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին,Միրզոյեան յայտնեց.- “Բոլորը հասկանում են, որ վաղ թէ ուշ կը գանք ինչ որ ընդհանուր յայտարարի եւ երկու անկախ պետութիւններ` Արցախն ու Ատրպէյճանը, կողք կողքի կ՛ապրեն ազատ եւ խաղաղ: Գործընթացին սկիզբը նպատակ կար մէկ սեղանի շուրջ համախմբել երեք կողմերը: Հակամարտութեան հիմնական կողմերը Արցախն ու Ատրպէյճանն էին, սակայն յետագայում գործընթացին ներգրաւուեց նաեւ Հայաստանը: Ցաւոք սրտի` իրավիճակը փոխուեց 90ականների վերջին եւ Արցախը դուրս մղուեց բանակցային գործընթացից, որուն պատճառաւ ստեղծուած փակուղիին հիմնական պատճառը:

Պատերազմն այս հակամարտութեան լուծումը չէ: Պատերազմը բոլորի համար կը լինի աղէտ“, աւելցուց Միրզոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք մտահոգ չե՞ն, թէ Միացեալ Նահանգներ հակամարտութեան կարգաւորման իմաստով կրնայ կանգնիլ Ատրպէյճանի կողքին` Կարէն Միրզոյեան պատասխանեց.- “Մենք փորձում ենք լաւ յարաբերութիւններ պահպանել բոլոր կողմերի հետ, մեր նպատակն է այս երկրների (Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) հետ աշխատել, գտնել ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու համատեղ ճանապարհ“:
Պատասխանելով Արցախի շուրջ գտնուող տարածքներուն վերաբերող հարցումի մը` Միրզոյեան յայտնեց.- “Այդ տարածքների ազատագրման նպատակը բուֆերային գօտու ստեղծումն էր, որպէսզի ժողովուրդը խաղաղ ապրելու հնարաւորութիւն ունենայ: Ատրպէյճանը պէտք է փոխի իր դիրքորոշումը: Ատրպէյճանը երկիր է, որը սերմանում է այլատեացութիւն եւ ատելութիւն այն ամէնի նկատմամբ, ինչը հայկական է: Ատրպէյճանը երկիր է, որը ազգային հերոս է դարձնում կացնահարող- մարդասպանին“:
Նշենք թէ այս հարցազրոյցին կարգ մը պատասխանները լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած են Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցին մէջ: Այս գծով Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին լրատուամիջոցներուն մէջ ծաւալած քննարկումները եւ ահազանգները ունէին իրենց հիմնաւորումներն ու բացատրութիւնները: Հակառակ անոր որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարի եւ անձամբ արտաքին գործոց նախարար Կ. Միրզոյեանի կողմէ տրուեցան որոշ մեկնաբանութիւններ, այսուհանդերձ բաւարար չափով չեն փարատած առկայ մտահոգութիւնները: Իշխանեան իր մեկնաբանութեան մէջ նշեց, որ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի քննարկումներուն որդեգրուած էին համապատասխան քայլեր` այս հարցին առնչութեամբ: “Գաղտնիք չեմ բացայայտեր, որ եթէ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահի մամլոյ քարտուղարին կողմէ կատարուած մեկնաբանութիւնները չըլլային, Ազգային ժողովի դաշնակցութեան խմբակցութիւնը ձեռնամուխ պիտի ըլլար Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի գումարումի հոլովոյթի: … Բայց ինչպէս կ՛ըսեն` “Ուրբաթը աւելի շուտ եկաւ, քան շաբաթը“, եզրակացուց Իշխանեան: