ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ …ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

Մեծ իրարանցում եւ ակնկալութիւն չէ ստեղծած, այս շաբաթավերջին, Փարիզի մէջ կայանալիք Արտաքին Գործոց նախարարներու մակարդակի հայ-ազերի հանդիպումները:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, անցեալ շաբաթասկիզբին, Կովկասեան բարձրաւանդակ այցելութեան ընթացքին, շարունակ կարեւորեց լոյսերու քաղաքի հանդիպումը, միեւնոյն ժամանակ անշուշտ հայրենի պատուիրակութեան հետ, տեսակցութեան ժամանակ, ոչ մէկ շօշափելի նորութիւն փոխանցելով:

Փոխարէն, նաեւ ոչ մէկ յիշատակելի շարժում եւ դիրքորոշում Քրեմլէն: Բան մը, որ ցոյց կու տայ թէ Մոսկուա շատ ակնկալելիք չունի այս հանդիպումէն: Աւելին, պարզ զուգադիպութեամբ չէ որ “Նիւ Եորք Թայմզ“ի նման թերթ մը, այս դէպքերու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, նշէ թէ այս տարուայ առաջին վեց ամիսներուն, Ռուսաստանի օդուժին պատկանող հալածիչներ Հայաստանի օդային սահմաններէն ներս, հետեւողական ձեւով, փորձառական թռիչքներու թիւը աւելի քան քսան առ հարիւր համեմատութեամբ բազմացուցած են: Նաեւ, վերոյիշեալ թերթը, յստակօրէն կը բացատրէ թէ այս փորձերուն միտք բանին այն է թէ Ռուսաստան կը փորձէ հասկցնել, թէ ռազմական գործողութիւններու մագլցումի  պարագային` պարզ դէտի դեր պիտի չկատարէ եւ ձեռնպահ պիտի չմնայ…

Այլ հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր նաեւ, Ատրպէյճանի կատարած յարձակումները, Քլինթընի այցելութեան օրերուն: Ինչպէ՞ս բացատրել, այս նախայարձակ եւ սադրիչ գործողութիւնները, այդ իւրայատուկ ժամանակաշրջանին: Հաւանաբար, անդորրութիւն խախտելով, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարին իսկ ներկայութեամբ, Ատրպէյճան (որ միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ,  Անվտանգութեան Խորհուրդի ոչ մշտական անդամ է) փորձէ ամէն գնով պահանջել խաղաղապահ ուժերու ստեղծումն ու գործուղումը: Ուժերու ներկայութիւն մը, որուն իսկական պատճառը ո՛չ թէ կը միտի Արցախն ու անոր հիմնահարցի խաղաղ լուծումը, այլ քիչ մը անդին…Իրանի վրայ անմիջական հսկում կատարելն է:

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, տեղին է Արցախի զանազան կուսակցութիւններու համախմբման լոյս ընծայած կոչը շեշտել, շարունակ յայտարարելով որ.-

-Ատրպէյճանի ձեռնարկած ռազմական սադրանքները կը հետապնդեն բանակցային գործընթացը ձախողեցնելու եւ տարածաշրջանային անկայունութիւն հրահրելու դաժան նպատակը:

– Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ դիմէ կանխարգելիչ քայլերու` զսպելու Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ճանչնալով Արցախի անկախութիւնը,

– Արցախցին վճռական է` պաշտպանելու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զօրացնելու իր անկախ ու ինքնիշխան պետութիւնը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles