Արցախեան Կամքով Եւ Ինքնավստահութեամբ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մայիս 5, 2015
Խմբագրական
Զանազան մութ հաշիւներու եւ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական ճնշումներու արդիւնք, Արցախի խորհրդարանական վեցերորդ ընտրութիւնները անընդունելի եւ նոյնիսկ ապօրինի նկատուեցան կարգ մը դէտերու կողմէ:
Շատեր մատնանշեցին թէ պիտի չընդունին այս ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այս գծով, ատրպէյճանական եւ բնականաբար թրքական աղբիւրներու մասին խօսիլը անտեղի է, փոխարէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու անոնց մաս կազմող մեծ պետութիւններն ու Եւրոպական Միութեան կատարած մերժողական եւ ժխտական յայտարարութիւններն են, որոնց մասին կարելի է արտայայտուիլ, քննարկել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:
Սակայն մէկ բան յստակ է թէ Արցախի ժողովուրդը ինքն է որ գործունեայ դեր խաղաց եւ իր ապագան յստակացուց: …Յանկերգ մը, որ շարունակ նշուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ:
Այո՛…«Արցախի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ» եւ այդ մէկը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 2,1991-ին երբ Արցախի ժողովուրդը պաշտօնապէս ազդանշանը տուաւ իր ապագային, անկախութիւն յայտարարելով: …Անկախութիւն մը, որ բնականաբար դիւրին չեղաւ եւ կերտուեցաւ քանի մը տարի բուռն պայքարներ մղելով, արիւն թափելով եւ ճակատամարտներ յաղթանակելով:
Դիտորդներուն համար, ե՛ւ յիշատակելին ե՛ւ զարմանալին այն էր թէ ընտրութիւնները կատարուած էին ազատ, արդար ու թափանցիկ մթնոլորտի մէջ եւ աւելի՛ն, մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 71 առ հարիւր:
Ո՛չ մէկ դէպք, ո՛չ մէկ միջադէպ կամ զեղծարարութիւն:
Աննախատեսելի երեւոյթ էր պատահածը: Ընտրական անխախտ եւ թափանցիկ
գործընթացը կը համապատասխանէր եւրոպական չափանիշներուն:
Այս երեւոյթը կարելի է նկարագրել, նշելով Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք էնկելի մէկ հաստատումը, կամ աւելի ճիշտ սրամտութիւնը՝ «Պլէք Հիւմըր»ը թէ այս ընտրութիւնները երբեք կարելի չէ բաղդատել 2013-ին շրջանէն ներս երկրի մը մէջ, որուն անունը Ատրպէյճան է, նախագահական ընտրութիւններ կատարուած էին եւ նախքան քուէատուփերու բացումը…արդէն իսկ յայտնի էր, թէ ո՞վ էր յաղթականը:
Եզրակացութեան համար, տեղին է անգամ մը եւս հաստատել Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ մեծամասնական ընտրակարգով Ազգային Ժողովի անդամ ընտրուած՝ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը թէ.- «Ընտրութիւնները մի միջոց են՝ վերահաստատելու ժողովրդավարական ուղին որդեգրած մեր կամքը: Արցախը ունի բաւականին ուժ եւ քաղաքական կամք՝ ժողովրդավարական ընտրութիւններ անցկացնելու համար»:
Այսպէս, Արցախը անգամ մը եւս ապացուցեց իր ժողովրդավարական բարձր մակարդակն ու պատրաստակամութիւնը:
