Անցեալ շաբաթավերջին, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, ընկալուչը վերցնելով, հեռաձայնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, պարզ «փրոթոքոլային» զրոյցի մը համար չէր, այլ ան մտադրած էր իր զայրոյթը արտայայտելու Սարգսեանի կատարած վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ:
Քլինթըն, փորձած էր շտապօրէն կասեցնել ՀՀ նախագահին ընթացքը եւ Հոկտեմբեր 10, 2009-ին, յետ-Ցիւրիխեան ստեղծուած տարօրինակ սպասողական կացութեան՝ «արձանագրուած սպասում»ին իրավիճակը:
Այլ յաւելեալ մատնանշում մը, որ մղած էր Հիլըրի Քլինթընը շտապօրէն կապ հաստատելու Երեւանի հետ. այդ էր թէ նախագահ Սարգսեան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այցելութենէն եւ կատարած յայտարարութիւններէն քանի մը օր ետք, յանձնարարած էր համապատասխան պետական մարմիններուն՝ նախապատրաստելու լրացումներ, օրէնսդրութեան այն մասով, որ կ°առնչուի պայմանագրերու ստորագրման, վաւերացման, չեղեալ նկատելու եւ ըստ այնմ ալ պաշտօնապէս յայտարարելու…
Դեռ թարմ են Թուրքիոյ նախագահին կատարած հաստատումները Սպիտակ Տունէն, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ սահմանի բացման գործընթացը կատարելու համար, նաեւ ամէն գնով պէտք է արծարծուի Արցախի թնճուկը:
Այս երկմտանքի, ձգձգման, «պահանջէ’ որ տիրանա’ս»ի քաղաքականութեան արդիւնք նախագահ Սարգսեան կատարած էր փոխադարձ յայտարարութիւնը, աւելցնելով թէ, թրքական կողմէն վաւերացման քայլի չդիմելու պարագային« Հայաստան պիտի ձեռնարկէ միջազգային օրէնքի համապատասխան քայլերու:
Արձանագրութիւններու թղթածրարը արդէն իսկ տեղադրուած է Սահմանադրական Դատարանին սեղանին վրայ եւ Յունուար 12, 2010-ին քննութեան առարկայ պիտի դառնայ: Դէպքերու եղելութիւնները ցոյց կու տան թէ սոյն դատարանը կանխամիջոցներ առած է դէմ յանդիման քալու մետասաներորդ պահուն անախորժ կացութիւններու:
Մինչ այդ, բազմիցս ընկալուչներ պիտի վերցուին եւ խիստ խորհրդապահական եւ կարեւոր հեռաձայնային զրոյցներ կատարուին… այս «արձանագրուած սպասման» կացութենէն դուրս գալու համար:
«Հայրենիք» Դեկտեմբեր 18, 2009